Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք Բերուած Է Ստեղծելու Համատեղ Աշխատանքային Խումբ. Փաշինեան Ընդունած Է «Ռուսական Երկաթուղիներու» Գլխաւոր Տնօրէնը

Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք Բերուած Է Ստեղծելու Համատեղ Աշխատանքային Խումբ. Փաշինեան Ընդունած Է «Ռուսական Երկաթուղիներու» Գլխաւոր Տնօրէնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն, կառավարման խորհուրդի նախագահ Օլեկ Պելոզյորովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ հաշուի առնելով տարածաշրջանային առեւտրային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները՝ ՀՀ Կառավարութեան նպատակն է Հայաստանի երկաթուղիները դարձնել մրցակցային, համարկել հարեւան պետութիւններու եւ միջազգային երկաթուղային ցանցին։

Այս առումով, զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային գործընթացներու ծիրին մէջ ստեղծուող հնարաւորութիւններն ու Հայաստանի երկաթուղիներու մրցակցային, ինչպէս նաեւ միջազգային կապուղիներուն համարկուած դարձնելուն ուղղուած քայլերը։ Միտքեր փոխանակուած են Կիւմրի-Ախուրիկ-Թուրքիոյ սահման եւ Երասխ-Նախիջեւան հատուածներու երկաթուղիներու վերակառուցման նախագիծերու եւ անոնց բերումով ստեղծուող հնարաւորութիւններուն շուրջ։

Անդրադարձ կատարուած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ» ընկերութեան մենաշնորհային կառավարման ընթացքին ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն, կառավարման արդյունաւէտութեան, առկայ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման հնարաւորութիւններուն։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ստեղծելու համատեղ աշխատանքային խումբ՝ ձեւակերպված խնդիրները սահմանուած սեղմ ժամանակահատուածի մէջ քննարկելու, հնարաւոր լուծումները գտնելու եւ հետագայ քայլերը յստակացնելու նպատակով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment