Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամն Ու Թումօն Կը Միաւորեն Իրենց Ջանքերը՝ Հայաստանի Մարզերուն Մէջ Կրթական Հնարաւորութիւնները Ընդլայնելու Նպատակով

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամն Ու Թումօն Կը Միաւորեն Իրենց Ջանքերը՝ Հայաստանի Մարզերուն Մէջ Կրթական Հնարաւորութիւնները Ընդլայնելու Նպատակով

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն ու Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր մը, որուն ծիրին մէջ նախատեսուած առաջին ծրագիրով Կիւմրիի «Մուշ» թաղամասին մէջ պիտի տեղադրուի Թումօ տուփ մը։

Ծրագիրին շնորհիւ պիտի ընդլայնուին 12-18 տարեկան պատանիներու՝ ժամանակակից արհեստագիտական եւ ստեղծարար կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնները։

Յուշագիրը Կիւմրիի Թումօ կեդրոնին մէջ ստորագրած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արամայիս Աւետիսեանն ու Թումոյի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը։

«Համայնքներու կայուն զարգացումը միայն ենթակառոյցներու կառուցումով չի սահմանափակուիր։ Կարեւոր է, թէ այդ ենթակառոյցները ի՛նչ հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն մարդոց համար եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ ինչպէ՛ս կը փոխեն համայնքի կեանքը։

«Մուշ» թաղամասին մէջ Հիմնադրամն արդէն նպաստած է տասնեակ ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման։ Թումոյի հետ համագործակցութեամբ կը փափաքինք յաջորդ քայլը առնել՝ ներդրում ունենալով երեխաներու կրթութեան, կարողութիւններու զարգացման եւ համայնքի ապագային մէջ։ Ա՛յս է այն մօտեցումը, զոր կը ձգտինք հետեւողականօրէն զարգացնել մեր ծրագիրներուն մէջ», նշած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արամայիս Աւետիսեան։

Հիմնադրամը Կիւմրիի «Մուշ-2» թաղամասին մէջ կառուցած է չորս բնակելի շէնք՝ մնայուն բնակարաններով ապահովելով նախկինին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ ապրող 86 ընտանիք։ Կառուցուած է նաեւ մանկապարտէզ մը, ուր կը յաճախեն 50 երեխաներ, իսկ բնակելի շէնքերուն մէջ ստեղծուած են չորս արուեստանոցներ։

Թումօ տուփը պիտի ամբողջացնէ թաղամասին մէջ արդէն ձեւաւորուած բնակելի եւ ընկերային միջավայրը՝ պատանիներուն հնարաւորութիւն ընձեռելով զարգացնելու իրենց արհեստագիտական եւ ստեղծարար հմտութիւնները, մասնակցելու կրթական ծրագիրներու եւ աւելի աշխուժօրէն ներգրաւուելու համայնքային կեանքին մէջ։

«Մուշ» թաղամասի Թումօ տուփի աշակերտները տեղւոյն վրայ պիտի կատարեն ինքնուսուցման վարժութիւններ, իսկ դասընթացքներուն մասնակցելու համար պիտի այցելեն Կիւմրիի Թումօ կեդրոնը, որ 2015 թուականէն ի վեր կը ծառայէ քաղաքի պատանիներուն։

«Թումոյի համար կրթութիւնը նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելու միջոց մըն է։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հետ համագործակցութիւնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ այդ հնարաւորութիւնները հասանելի դարձնելու աւելի մեծ թիւով պատանիներու, յատկապէս՝ համայնքներուն մէջ։

Ուրախ ենք այս գործընկերութեան մեկնարկին համար», նշած է Թումոյի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան։

Յուշագիրը կը նախատեսէ համագործակցութեան աւելի լայն շրջանակ մը՝ նպատակ ունենալով ընդլայնել Հայաստանի մարզերուն մէջ կրթական հնարաւորութիւնները, կրթական բաղադրիչներ ներառել համայնքային զարգացման ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ներգրաւել Հայաստանի եւ Սփիւռքի գործընկերները։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment