«Լրագրողներ առանց սահմաններու» (Reporters Without Borders – RSF) կազմակերպութիւնը հրապարակած է 2025 թուականի Մամուլի ազատութեան ընդհանուր ցուցակը, ըստ որուն՝ Հայաստան զգալի յառաջընթաց արձանագրած է՝ բարձրանալով 9 հորիզոնականով։
180 երկիրներու շարքինՀայաստանը զբաղեցուցած է 34-րդ տեղը։
2024 թուականին Հայաստան եղած է 43-րդ տեղը՝ 71.6 միաւորով, իսկ 2023-ին՝ 49-րդ տեղը, 70.61 միաւորով։
Այս ցուցանիշով Հայաստանը առաջատարն է տարածաշրջանին մէջ։
Համեմատութեան համար․
Վրաստանը նահանջած է 11 տեղով եւ այժմ կը զբաղեցնէ 114-րդ հորիզոնականը,
Ատրպէյճանը՝ 167-րդ,
Թուրքիան՝ 159-րդ,
Իրանը՝ 176-րդ,
Ռուսաստանը նահանջած է 9 հորիզոնականով եւ յայտնուած 171-րդ տեղը։
RSF-ի գնահատմամբ՝ Հայաստանի մէջ մամուլի ազատութեան վրայ ազդեցութիւն թողած են շարք մը մարտահրաւէրներ, ընդ որում՝
ապատեղեկատուութեան եւ ատելութեան խօսքի տարածումը՝ պայմանաւորուած ներքաղաքական լարուածութեամբ,
սահմանային անվտանգութեան խնդիրներով,
ինչպէս նաեւ երկրի՝ Ռուսաստանի եւ ԵՄ-ի հետ բարդ յարաբերութիւններով։
Ընկերային ցանցերը կը շարունակեն մնալ տեղեկատուութեան հիմնական աղբիւր՝ հասանելի բնակչութեան շուրջ երկու երրորդին համար։
Բազմաթիւ լրագրողներու եւ լրատուական կառոյցներու համար յատկապէս զգայուն են երկու թեմաներ՝
Ատրպէյճանի հետ բանակցային գործընթացը,
Հայաստանի ու Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն սրումը։
Ըստ ցուցակ«ին՝ լրատուամիջոցներուն մեծ մասը կը վերահսկուի քաղաքական շարժումներուն մօտ կանգնած մարդոց կողմէ կամ աջակցութիւն կը ստանայ ազդեցիկ հասարակական գործիչներու կողմէ։
Չնայած զրպարտութեան ապաքրէականացման եւ սեփականութեան թափանցիկութեան, գործող օրէնսդրութիւնը տակաւին լիարժէք չի պաշտպաներ մամուլի ազատութիւնը եւ չի համապատասխաներ եւրոպական չափանիշերուն։
Լրատուամիջոցներուն մեծ մասը ֆինանսապէս կախուած է քաղաքական կամ ազդեցիկ անձերէ։ Վճարովի մոտելներ գրեթէ չկան, իսկ գովազդային շուկան տկար զարգացած է։

