«Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ սահմանը կարող է բացուել աւելի շուտ, քան կողմերը կը հասցնեն նոր բանագնացներ նշանակել»:
Այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՄԱ նախարար Արարատ Միրզոյան ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Զուիցերիոյ արտաքին յարաբերութիւններու դաշնային բաժանմունքի ղեկավար Իկնասիօ Քասիսի հետ հանդիպումէն յետոյ՝ պատասխանելով հայ-թոքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ նոր բանագնացի նշանակման վերաբերեալ հարցումին։
Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայ-թրքական կարգաւորման վերջնական նպատակը յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումն ու սահմանի լիարժէք բացումն է։
«Անկեղծ ասած, հարցն այն է՝ նոր բանագնացի կարիք կա՞յ, թէ՞ չկայ, որովհետև կարող է պատահել՝ սահմանի բացումը տեղի ունենայ աւելի շուտ, քան նոր բանագնացների թեկնածութիւնների համաձայնեցումը։ Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացն այնքան է հասունացել, որ ցանկացած օր հնարաւոր է հասնել վերջնական եւ ամբողջական կարգաւորման։ Հայաստանն ու Թուրքիան գրեթէ ամէնօրեայ շփումների մէջ են, իսկ բանակցութիւններն ընթանում են շարունակաբար»,- նշած է ան։
Ըստ Միրզոյեանի՝ բանակցութիւնները, որպէս կանոն, քանի դեռ վերջնական պայմանաւորուածութիւն եւ արդիւնք չկան, ամբողջութեամբ չեն ներկայացուիր հանրութեան։ Նախարարին խօսքով՝ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները եւս բացառութիւն չեն։
«Հիմա անհրաժեշտութիւն է յառաջացել շարունակել, եւ կը լինի Հայաստան-Թուրքիա գործարար համաժողով, գուցէ աւելի ընդլայնուած, քան նախորդը, արդէն Հայաստանում։ Յոյսով եմ՝ այս անգամ եւս փակ սահմանը կը բացուի, եւ դրանով կ’անցնեն հայ գործարարները։ Հայ-թուրքական կարգաւորման գործընթացում թէեւ արդէն կան որոշակի պայմանաւորուածութիւններ եւ գործնական արդիւնքներ, ամբողջական կարգաւորումը դեռեւս աւարտուած չէ»,- ընդգծած է ան։

