Վալենսիայի մէջ ընթացող Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան (EPP) գոնկրէսը «Հայաստանի մէջ ընթացիկ քաղաքական իրավիճակը» վերնագրով բանաձեւ ընդունած է՝ ողջունելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական զարգացումները, այդ շարքին` ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան ոլորտին մէջ իրականացուած բարեփոխումները, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելուն ուղղուած Հայաստանի ջանքերը, կարեւորած է Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայերու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու սերտացումը։
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Միրիամ Լեքսմանի (Սլովաքիա) եւ Ռասա Իւնքեւիչենեի (Լիտուանիա) հեղինակած բանաձեւը նաեւ ողջունած է Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը։
ԵԺԿ-ն բարձր գնահատած է Հայաստանի կողմէ վերջերս ընդունուած՝ Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացին վերաբերեալ օրէնքը, որ հիմք կը դնէ Հայաստանի եւրոպական համարկման խորացման համար: «Այս քայլը կը վերահաստատէ հայ ժողովուրդին առկայ յանձնառութիւնը երկրին մէջ ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման գործին մէջ եւ կը սահմանէ յստակ ուղի դէպի ԵՄ-ի հետ աւելի խոր համարկում»,- նշուած է բանաձեւին մէջ։
Բացի ասկէ, բանաձեւին մէջ ասուած է, որ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտներուն մէջ շարունակական քաղաքական երկխօսութիւնը եւ բարեփոխումները կը շարունակեն մնալ կարեւոր գործիքներ՝ Հայաստանը ԵՄ-ին մօտեցնելու համար՝ ապագայ անդամակցութեան հեռանկարով։

