Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը Նոր Թափ Ստացած Է․ Թուրք Նախարար

Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը Նոր Թափ Ստացած Է․ Թուրք Նախարար

by MassisPost

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, որ մեկնարկած է 2022 թուականի Յունուարին, 2026 թուականի Մարտէն նոր թափ ստացած է՝ «Turkish Airlines»-ի թռիչքի մեկնարկով։ Երեւանի մէջ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառտնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլը։

Անոր խօսքով՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ շարունակական հանդիպումները կը նպաստեն յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յառաջմղման։

«Մենք կ’ուզենք ամրապնդել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու բարեկեցութիւնը։ Հաշուի առնելով նաեւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ բնականաբար, կը շարունակենք այս գործընթացը»,– նշած է Եումաքլը։

Թուրք պաշտօնեային գնահատմամբ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացումն ու կարգաւորման գործընթացի արագացումը կրնան կարեւոր ձեռքբերումներ ապահովել ինչպէս Հարաւային Կովկասի, այնպէս ալ Թուրքիոյ համար։

«Մենք այսօր այս առիթով ժամանած ենք Երեւան։ Շատ լաւ հանդիպում էր։ Յոյս ունիմ, որ այստեղէն հնչող ուղերձները կը նպաստեն, որ ամբողջ աշխարհի մէջ շահագրգիռ երկրները այս առումով ստանան անհրաժեշտ ուղերձները»,– ըսած է ան։

Եումաքլը անդրադարձած է նաեւ յառաջիկայ միջազգային միջոցառումներուն՝ նշելով, որ յաջորդ ամիս Անթալիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ COP31 համաժողովը, որու շրջանակին մէջ Թուրքիան մտադիր է կարեւոր ուղերձներ յղել միջազգային հանրութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment