«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» փակ բաժնետիրական ընկերութեան 100% բաժնետոմսեր հանրութեան գերակայ շահ ճանչցուեցան: Համապատասխան որոշումը ընդունուեցաւ կառավարութեան Հոկտեմբեր 15-ի նիստին։
Նախագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ որոշման հիմքին Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի՝ 2025-ի Նոյեմբեր 17-ի որոշումն է, որով դադրեցուած է ընկերութեան ելեկտրական ուժանիւթի բաշխման արտօնագրի գործողութիւնը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ պետութիւնը նպատակ ունի ընկերութիւնը յանձնել միջազգային առաջատար ընկերութեան կառավարման։
Համաձայն «Էներգետիկայի մասին» օրէնքին՝ կառավարութիւնը առաջարկած էր բաժնետէրերուն համաձայնեցուած կարգով օտարել բաժնետոմսերը, սակայն սահմանուած եռամսեյա ժամկէտի մէջ այդ իրաւունքը չէ իրացուած։
Սահմանադրական դատարանը իր հերթին արձանագրած է, որ ժամանակաւոր կառավարիչի հաստատութիւնը բացառապէս կանխարգելիչ եւ ժամանակաւոր միջոց է, որ չի կրնար փոխարինել համակարգի կայուն եւ երկարաժամկէտ իրաւական լուծմանը։
Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան մշակած որոշման ընդունումը անմիջական լրացուցիչ ֆինանսական միջոցներ չի պահանջեր, սակայն հետագային պետական կամ տեղական պիւտճէներուն մէջ կրնան նախատեսուիլ միջոցներ՝ օտարուող սեփականութեան դիմաց օրէնքով սահմանուած կարգով փոխհատուցում տրամադրելու եւ գործընթացը կազմակերպելու համար։
Նախագիծի յաւելուածին համաձայն՝ ՀԷՑ-ի 246.423 հասարակ անուանական բաժնետոմսերէն 69,9 տոկոսը կամ 172.496 հատը կը պատկանի «Տաշիր կապիտալ» ընկերութեան, որուն ձայնի իրաւունքը սառեցուած է, իսկ 30 տոկոսը կամ
73.927 հատը՝ Կիպրոսի մէջ արձանագրուած «Լիորմանդ Հոլդինգզ Լիմիթեդ» ընկերութեան։ Բաժնետոմսերու ընդհանուր անուանական արժէքը կը կազմէ շուրջ 21 միլիոն դրամ։

