Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը, որ Հայաստան ժամանած է Երեւանի մէջ կայանալիք Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանագրութեան կողմերու 17-րդ համաժողովի (COP17) ծիրին մէջ առաջնորդներու գագաթաժողովին մասնակցելու նպատակով։
Վարչապետը ողջունած է Անթոնիօ Կութերեշի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ նշած, որ ան երկրորդ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարն է, որ կ’այցելէ մեր երկիր։ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է վերջին 8 տարիներուն համատեղ աշխատանքը եւ նշած, որ այդ ընթացքին շատ բաներ տեղի ունեցած են տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ։ Երկրին ղեկավարը յիշեցուցած է, որ ՄԱԿ-ի դերին մասին թեման բոլոր տեսակի քննարկումներու կեդրոնին եղած է, միջազգային ասպարէզին մէջ անընդհատ քննարկուած է բազմակողմանիութեան կարեւորութիւնը։ «Թւում է, թէ շատ միջազգային խաղացողներ շատ են ցանկանում տեսնել այդ բազմակողմանիութիւնը՝ լավ հասկանալով ՄԱԿ-ի դերը։ Բայց ցաւօք, շատ տեղերում մենք տեսնում ենք միակողմանիութիւն, եւ աշխարհում իրավիճակը գնալով բարդանում է։
«Բայց բարեբախտաբար, մեր տարածաշրջանում, շատ դժուար իրադարձութիւնների միջով անցնելուց յետոյ, մենք ի վիճակի ենք եղել փոխել իրավիճակը, եւ հիմա մեր գլխաւոր նպատակն է հասնել վերջնական կէտին։ Ես նկատի ունեմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումն ու վաւերացումը։ Այն մեր հիմնական նպատակն է, եւ մենք պետք է կեդրոնանանք դրա վրայ, որովհետեւ դա իրականացնելը հեշտ չէ, բայց միւս կողմից մենք պէտք է լինենք հնարաւորինս կեդրոնացած այդ նպատակի վրայ»,– ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։
Անդրադառնալով COP-17-ին՝ վարչապետը նշած է, որ այն ամենամեծ միջոցառումն է, որ երբեւէ կազմակերպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ վստահութիւն յայտնած, որ այն կ’անցնի բարձր մակարդակով։
Իր հերթին Անթոնիօ Կութերեշ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան եւ COP 17 համաժողովի լաւագոյնս կազմակերպման համար։ «Կ’ուզեմ շնորհաւորել Հայաստանը, որովհետեւ այս համաժողովը չափազանց լաւ կազմակերպուած է։ Իմ գործընկերներս կը պատմեն, որ բանակցութիւններուն մէջ համատեղ հայտարարութեան կամ համաձայնութեան հասնիլը միշտ դժուար է։ Հայաստանը ցուցաբերած է արտակարգ դիւանագիտական կարողութիւն` գործելով հրաշքներ, միաւորելով տարբեր կարծիքներ եւ տեսակէտներ։ Այն բոլոր ոլորտներուն մէջ, ուր COP-ը կ’աշխատի՝ կենսաբազմազանութիւն, կլիմայ, իսկապէս հայկական ղեկավարութեան ու դիւանագիտութեան որակը աչքի կը զարնէ»,– ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը։
Միաժամանակ, Անթոնիօ Կութերեշ կարեւորած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը եւ այդ գործին մէջ ընդգծած է վարչապետ Փաշինեանի անձնական ներդրումը։
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են COP 17 համաժողովի կայացման, տեղի ունենալիք քննարկումներուն վերաբերեալ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն, այդ շարքին՝ TRIPP նախագիծի իրականացման ընթացքին։ Երկուստեք ընդգծուած է վերոնշեալ նախագիծին կարևորութիւնը՝ տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման եւ փոխգործակցութեան խթանման գործին մէջ։


