Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Էլմիրա Կարապետեան Նուաճած Է Հրաձգութեան Աշխարհի Բաժակի Խաղարկութեան Ոսկէ Մետալը

Էլմիրա Կարապետեան Նուաճած Է Հրաձգութեան Աշխարհի Բաժակի Խաղարկութեան Ոսկէ Մետալը

by MassisPost

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ ընթացող հրաձգութեան Աշխարհի բաժակի խաղարկութեան վերջին հանգրուանը կը մօտենայ իր աւարտին։ Հայաստանը ներկայացնող Էլմիրա Կարապետեան մրցումներու վերջին օրը փայլուն արդիւնք արձանագրած է՝ կիներու 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակով հրաձգութեան անհատական մրցումին 582 միաւոր հաւաքելով գրաւած է առաջին դիրքը եւ անցած եզրափակիչ փուլ։

Եզրափակիչին, լարուած պայքարէ ետք, հայ մարզուհին վաստակած է 242.4 միաւոր եւ նուաճած Աշխարհի բաժակի խաղարկութեան ոսկէ մետալը։

Յիշեցնենք, որ Աշխարհի բաժակի խաղարկութիւնը նախապատրաստական հերթական հանգրուանն էր Նոյեմբեր 1-14-ին Քաթարի մէջ կայանալիք աշխարհի ախոյեանութենէն առաջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment