Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանապարհ» Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնները Կրնան Միաւորուիլ Եւ Հայաստանին Մեծ Օգուտներ Բերել. Չինացի Փրոֆեսոր

«Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանապարհ» Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնները Կրնան Միաւորուիլ Եւ Հայաստանին Մեծ Օգուտներ Բերել. Չինացի Փրոֆեսոր

by MassisPost

Չինաստանի Ռենմին համալսարանի փրոֆեսոր Ժենկ Իւնթիանի կարծիքով՝ չինական «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» եւ հայկական «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնները կրնան միաւորուիլ եւ Հայաստանին օգուտ բերել տարբեր ուղղութիւններով։

Չինացի փրոֆեսորը նման տեսակէտ արտայայտած է «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հետ զրոյցին՝ ընդգծելով, որ փոփոխուող աշխարհակարգի լոյսին տակ Հայաստանը եւ Չինաստանը պէտք է համախմբեն իրենց ուժերը՝  զարգացնելու եւ խորացնելու համագործակցութիւնը։

Գնահատելով Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը եւ տարբեր ոլորտներու մէջ հայ-չինական գործընկերութեան զարգացման հեռանկարները՝ զրուցակիցը նշած է, որ վերջին տարիներուն, ուսումնասիրելով Հարաւային Կովկասի հիմնահարցերը, նկատած է, որ 2013 թուականին չինական «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան երեւան գալէն ի վեր՝ Չինաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդուած են։

«Ե՛ւ առեւտուրի, ե՛ւ մշակութային փոխանակումներու առումով շատ երեսակներ կը բարելաւուին։ Եւ ես իսկապէս լաւատեսական զգացումներ ունիմ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, քանի որ մենք մշակութային առումով շատ նմանութիւններ ունինք։ Ես իսկապէս կը հաւատամ, որ յատկապէս փոփոխուող աշխարհակարգի լոյսին տակ Չինաստանը եւ Հայաստանը պէտք է համախմբեն ուժերը՝ զարգացնելու եւ խորացնելու յարաբերութիւնները»,- նշած է փրոֆեսորը։

Անոր դիտարկմամբ՝ չինական «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը ապագային օգուտ պիտի բերէ Հայաստանին։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment