Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վրաստան Պատրաստակամ Է Նպաստելու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Երկխօսութեան. Փաշինեանն Ու Քոպախիձէն Հանդիպած Են

Վրաստան Պատրաստակամ Է Նպաստելու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Երկխօսութեան. Փաշինեանն Ու Քոպախիձէն Հանդիպած Են

by MassisPost

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով ժամանած է Հայաստանի Հանրապետութիւն, օդակայանին մէջ Վրաստանի վարչապետին դիմաւորած է փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանը:
Կայացած է Վրաստանի եւ Հայաստանի վարչապետներուն հանդիպումը:

Քննարկուած են երկիրներուն միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան հարցեր, անդրադարձ եղած է տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին:

Քոպախիձխն եւս մէկ անգամ հաստատած է Վրաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ նպաստելու տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման։

Քոպախիձէն Փաշինեանը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Վրաստան:
Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրաքլի Քոպախիձէի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 14-րդ նիստը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment