Ռուսաստան կ’ակնկալէ մինչեւ 2024 թուականի վերջ Հայաստանի հետ ապրանքաշրջանառութեան մրցանշային՝ 14-16 միլիառ տոլարի հասնիլ:
Այս ասին ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը։
«Եթէ խօսինք յստակ թիւերու մասին, ապա արդէն 2024 թուականի առաջին կիսամեակին Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը անցած է 8,3 միլիառի նշագիծը՝ գերազանցելով ամբողջ նախորդ տարուայ ցուցանիշը՝ 7,4 միլիառ տոլար. կը նախատեսենք հասնիլ մրցանշային 14-16 միլիառ տոլարի»,- հարցազրոյցի մէջ ըսած է դեսպանը:
Ան յաւելած է, որ աշխատանքներ կը տարուին Հայաստանի մէջ համատեղ տնտեսական նախագիծեր սկսելու ուղղութեամբ, որոնք պիտի նպաստեն հայկական արդիւնաբերութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ նոր աշխատատեղերու ստեղծման եւ պիւտճէի հարկային մուտքերու աւելացման։

