Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ-ի Մէջ Հրազէնով Ու Այլ Ռազմամթերքով Յանցանքներու Թիւը Աճած Է. Ըստ Իոաննիսեանի՝ Ոստիկանութիւնը Տկարացած Է

ՀՀ-ի Մէջ Հրազէնով Ու Այլ Ռազմամթերքով Յանցանքներու Թիւը Աճած Է. Ըստ Իոաննիսեանի՝ Ոստիկանութիւնը Տկարացած Է

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ամէն շաբաթ միջինը երկու յանցագործութիւն կը կատարուի հրազէնով ու այլ ռազմամթերքով։ Վիճակագրական Կոմիտէին տուեալով՝ այս տարուայ միայն հինգ ամիսներուն՝ Յունուարէն մինչեւ Մայիս, նման յանցանքներու թիւը 45-ի հասած է՝ գրեթէ 65 տոկոսով աւելի, քան 2023-ի նոյն ժամանակահատուածին։

«Սա խօսում է ոստիկանութեան համակարգի շատ լուրջ թերութեան եւ շատ լուրջ անզօրութեան մասին»,- կ’ըսէ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման» ծրագրերու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանը։

Ան կասկած չունի՝ Ներքին գործերու նախարարութեան արձանագրած դէպքերու զգալի մասը ապօրինի զէնք-զինամթերքով տեղի ունեցած է։ Արդեօք հրազէնով յանցանքներու աճին պատճառը 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ անհետացած 17 հազար ինքնաձիգերն են, որոնց մասին ներքին գործերու նախարարը ամիսներ առաջ յայտնած է, Դանիէլ Իոաննիսեան կը նշէ. «Ակնյայտ է, որ հիմնականում ապօրինի զէնք-զինամթերքը 20 թուականի պատերազմի արդիւնքում է յայտնուել, եւ 20 թուականի պատերազմի արդիւնքում յայտնուած զէնք-զինամթերքը եթէ 23 թուականին կրակում էր 70 տոկոսով աւելի քիչ, քան 24 թուականին, կամ 24 թուականին 70 տոկոսով աւելի, քան 23-ին, սա կը նշանակէ, որ մենք խնդիրներ ունինք յանցաւորութեան դէմ պայքարի հետ եւ ոչ թէ ապօրինի զէնք-զինամթերքի քանակի շատացման, թէեւ քանակը, ի հարկէ, մտահոգիչ է»։

Դանիէլ Իոաննիսեան կ’ըսէ՝ ոստիկաններուն անարդիւնաւէտությունը նաեւ քրէական ենթամշակոյթին յարող անձերու՝ «օրէնքով գողերու» աշխուժացման կը նպաստէ, թէեւ այս իշխանութիւնները անոնց դէմ լայնածաւալ պայքար կը խոստանային։ Լրահոսին մէջ քրէական հեղինակութիւններու մասնակցութեամբ աղմկայարոյց դէպքերու պակաս չկայ, ամենաթարմ դէպքը անցած շաբաթ էր՝ Սեւանի հանգստեան գօտիին մէջ ծագած վիճաբանութենէն յետոյ երիտասարդ մը սպաննած էին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment