Հայաստանը պիտի կարենայ մուտք գործել «Եւրոպական խաղաղութեան հաստատութիւն»։ Սա ֆրանսական երկարամեայ նախաձեռնութեան գագաթնակէտն է։
Այս մասին X-ի էջով գրած է Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախկին նախարար Քաթրին Քոլոնան՝ անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի՝ Հայաստանին Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն 10 միլիոն եւրօ տրամադրելու որոշման:
«Ուրախ ենք լսելու այս լաւ լուրը. Հայաստանը պիտի կարենայ մուտք գործել «Եւրոպական խաղաղութեան հաստատութիւն»։ Սա ֆրանսական երկարամեայ նախաձեռնութեան գագաթնակէտն է։ Ֆրանսան կանգնած է Հայաստանի կողքին»,- գրած է Քոլոնան՝ շնորհաւորելով նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Սթեֆան Սեժուրնէն։
Եւրոպական Միութեան Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհուրդը Յուլիս 22-ին որոշում կայացուցած է Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման երկխօսութիւնը մեկնարկելու, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանին Եւրոպական խաղաղութեան գործիքի ներքոյ աջակցութիւն տրամադրելու վերաբերեալ:

