Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առաջին Անգամ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ, 4 Գիւղի Հատուածին Մէջ, Պիտի Ըլլայ Սահմանազատուած Պետական Սահման

Առաջին Անգամ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ, 4 Գիւղի Հատուածին Մէջ, Պիտի Ըլլայ Սահմանազատուած Պետական Սահման

by MassisPost

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը պատասխանած է «Արմէնփրես»-ի գրաւոր հարցումներուն:

Պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յանձնաժողովները այսօր ունեցած հանդիպումէն յետոյ համատեղ մամլոյ հաղորդագրութիւն տարածած են, որուն մէջ կ’ըսուի, որ նախնական համաձայնեցուած են Հայաստանի Բաղանիս, Ատրպէյճանի Բաղանիս-այրում, Հայաստանի Ոսկեպար, Ատրպէյճանի Աշաղը Ասկիպարա, Հայաստանի Կիրանց, Ատրպէյճանի Խէրեմլի, Հայաստանի Բերքաբեր, Ատրպէյճանի Կըզըլ Հաճիլի գիւղերուն միջեւ սահմանային գիծի հատուածներուն մէջ սահմանի անցումը: Ի՞նչ կը նշանակէ սա:

Հարցումին ի պատասխան վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են հետեւեալը․

«Յայտարարութիւնը կը նշանակէ, որ երկու յանձնաժողովները քարտէզի վրայ վերարտադրած են վերը նշուած գիւղերուն միջեւ Խորհրդային Միութեան ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած սահմանները, եւ յաջորդ քայլով այդ սահմանները պէտք է ճշդուին եւ արտայայտուին նաեւ գետնի վրայ, ու սա պիտի ըլլայ աննախադէպ իրադարձութիւն. առաջին անգամ մեր երկիրներու միջեւ, չորս գիւղերի հատուածին մէջ, գոյութիւն պիտի ունենայ սահմանազատուած պետական սահման»:

Ո՞ր թուականի քարտէզներու հիման վրայ է կ’իրականացուի այս գործընթացը: Վարչապետի աշխատակազմէն նշած են, որ գործընթացի քարտէզագրական հիմքը ԽՍՀՄ ժամանակաշրջանի իրաւական հիմնաւորում ունեցող ամենաթարմ տեղագրական քարտէզներն են, որոնք կազմուած են նման իրաւասութիւն ունեցող մարմիններու կողմէ:

«Կարեւոր նրբութիւնը այն է, որ համաձայն Յանձնաժողովներու տարածած յայտարարութեան, կը վերականգնուին Խորհրդային Միութեան փլուզման պահին գոյութիւն ունեցած, իրաւական հենք ունեցող սահմանները: Այսինքն, այն սահմանները, որոնք տէ իւրէ գոյութիւն ունեցած են Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի միջեւ: Կարեւոր է նաեւ արձանագրել՝ Յանձնաժողովները համաձայնած են, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ամբողջ գործընթացին մէջ պիտի հիմնուին 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրին վրայ, ինչ որ կ’արձանագրուի որպէս սահմանազատման գործընթացի հիմնարար սկզբունք: Այս սկզբունքը պէտք է արձանագրուի նաեւ Սահմանազատման գործընթացի Կանոնակարգին մէջ, որ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի համաձայնեցվի կողմերուն միջեւ եւ պիտի անցնի անհրաժեշտ ներպետական համաձայնեցումներու՝ ներառեալ խորհրդարանին մէջ հաստատման գործընթաց»:

«Արմէնփրես»-ի՝ այսօրուան յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ եթէ հետագային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Խաղաղութեան պայմանագրին մէջ պիտի արձանագրուի Ալմա-աթայի հռչակագրէն տարբերուող այլ հիմնարար սկզբունք, սահմանազատման Կանոնակարգը պիտի համապատասխանեցուի այդ սկզբունքին: Արդեօ՞ք սա Ալմա-աթայի հռչակագրէն հրաժարման հիմք չի ստեղծեր, հարցումին ի պատասխան, ըսած են․

«Ոչ: Յանձնաժողովները պարզապէս արձանագրած են, որ իրենք Խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցող ձեւաչափ չեն: Այդ պայմանագիրը կը բանակցուի այլ ձեւաչափով եւ պիտի ունենայ աւելի բարձր կարգավիճակ, անոր ուժի մէջ մտնելէ յետոյ, եթէ պարզուի, որ Կանոնակարգը հակասութիւն ունի աւելի բարձր իրաւական նշանակութեան փաստաթուղթի հետ, այն պէտք է համապատասխանեցուի անոր, որովհետեւ կրկնենք՝ Խաղաղութեան պայմանագրին կարգավիճակը շատ աւելի բարձր է: Ալմա-աթայի հռչակագիրը հիմնարար է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, եւ այն որպէս հիմնական սկզբունք արդէն իսկ համաձայնեցուած է բարձրագոյն մակարդակով»:

Սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը յիշատակուի նաեւ ներգաւառ/արտագաւառներու հարցը, ի՞նչ կը նշանակէ այդ:

«Յանձնաժողովները պայմանաւորուած են, որ Կանոնակարգի հաստատումէն յետոյ պիտի համաձայնեցնեն Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի մնացած հատուածներու սահմանազատման հերթականութիւնը (այսինքն՝ յաջորդիւ սահմանի ո՞ր հատուածները պիտի վերարտադրուին) եւ այս առումով անդրադարձ պիտի կատարեն նաեւ ներգաւառ/արտագաւառներու հարցին: Գիտէք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար հրաժարիլ այս խնդիրէն, որովհետեւ Արծուաշէնը մեր երկրի ինքնիշխան տարածքին մէկ մասն է:

«Մենք կը պատրաստուինք սահմանազատման գործընթացին մէջ տէ իւրէ հիմնաւորել Արծուաշէն արտագաւառ/ներգաւառի գոյութիւնը, եւ նման հիմնաւորումներ ՀՀ կառավարութիւնը ունի, որմէ յետոյ արդէն պիտի իրականացուի սահմանազատման բուն գործընթացը Արծուաշէնի շուրջ: Իսկ թէ այս արձանագրումէն յետոյ ին՞չ քաղաքական լուծում պիտի ստանայ խնդիրը, այլ հարց է: Սահմանազատման գործընթացին մէջ նախ պէտք է տէ իւրէ հիմնաւորուի արտագաւառ/ներգաւառներու գոյութիւնը»,- ըսուած է պատասխանին մէջ:

Փաստօրէն սահմանազատումէն յետոյ չորս գիւղերու հատուածին մէջ զինուած ուժերը ետ պիտի քաշուին եւ տեղը պիտի զիջին սահմանապահ զօրքերուն: Ի՞նչ ժամկէտերու մէջ այդ տեղի պիտի ունենաձ հարցումին պատասխանած, յայտնած են որ այդ տեղի պիտի ունենայ կարճ, բայց ողջամիտ ժամանակահատուածի մէջ՝ առանց արհեստական ձգձգումներու:

Գործընթացին բերումով հայաստանեան որեւէ գիւղ կը զրկուի՞ ճանապարհէն:

«Ոչ: Կիրանց գիւղի հատուածին մէջ ճանապարհի ծրագծի քանի մը հարիւր մեթրնոց հատուածի փոփոխութիւն պիտի կատարուի, որ բարդ աշխատանք չէ եւ պիտի իրականացուի քանի մը ամսուան մէջ: Բայց սա Կիրանցի միակ ճանապարհը չէ. Պիտի վերանորոգուի, գուցէ վերակառուցուի նաեւ Կիրանց-Աճարկուտ-Իջեւան ճանապարհը: Նկատի ունինք, Կիրանցը ունի նաեւ այլընտրանքային ճանապարհ, եւ գործնականին մէջ էական խնդիրներ չկան»:

Ոսկեպարը ճանապարհի խնդիր չ’ունենա՞ր՝ հարցումին եւս բացասական պատասխան ստացուած է։

«Ոչ: Այս փուլինյ նման խնդիր յառաջացնելու հաւանականութիւն ունեցող հատուածները չեն սահմանազատուիր»,- յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն:

Սահմանազատման այս գործընթացին բերումով շարք մը հատուածներու մէջ Ատրպէյճանը ընդհուպ պիտի մօտենայ Կիրանց, Ոսկեպար գիւղերուն: Ինչպէ՞ս պիտի ապահովուի այդ գիւղերուն անվտանգութիւնը:

Այս հարցումին ի պատասխան ըսած են․

«Նախ արձանագրենք, որ Ատրպէյճանը այսօր ալ շատ մօտ է այդ գիւղերուն եւ անոնք կը գտնուին ուղիղ նշանառութեան տակ: Այո՛, այս գործընթացի բերումով Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւնը աւելի պիտի մօտենայ Կիրանց եւ Ոսկեպար գիւղերուն, բայց անոնց եւ մեր գիւղերը պիտի բաժնէ սահմանազատուած պետական սահման: Սա առանցքային գործօն է, եւ չմոռնանք նաեւ, որ սահմանին պահպանութիւնը պիտի իրականացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանապահները: Բայցի այդ, անվտանգութեան ապահովման բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կան, որոնք նոյնպէս յառաջիկայ շրջանին քննարկման եւ մանրամասնման պիտի արժանանան»:

Նկարագրուած գործընթացով Ատրպէյճանը կը ստանայ չորս գիւղ: Ի՞նչ կը ստանայ Հայաստանը:

«Ճշգրտութեան համար արձանագրենք, որ Ատրպէյճանը կը ստանայ իրեն պատկանող երկուքուկէս գիւղ, որովհետեւ Կըզլ Հաճըլի գիւղին տարածքը ամբողջութեամբ, Աշաղը Ասկիպարայ գիւղի տարածքին մէկ զգալի մասը մինչ այս ալ եղած է Ատրպէյճանի տիրապետութեան ներքոյ: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս գործընթացին մէջ կը ստանայ սահմանազատման հետ կապուած եւ անվտանգային վտանգներու նուազեցում: Այսօրուայ իրադարձութեամբ, ինչպէս արդէն նշուեցաւ վերը, առաջին անգամ կ’ունենանք սահմանազատուած սահման Ատրպէյճանի հետ, ինչ որ կարելի է որակել որպէս նշանակալի իրադարձութիւն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ կը ստանայ գործուն հարթակ եւ հնարաւորութիւն սահմանազատման գործընթացը կազմակերպել քաղաքակիրթ եւ օրինական ընթացքով եւ իրականացնել զայն՝ ապահովելով բնակչութեան անվտանգային, ընկերա-կենցաղային եւ իրաւական անհրաժեշտ երաշխիքները»:

Նկարին մէջ այսօրուան պայմանաւորուածութիւնները արտայայտող քարտէզ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment