Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գործողութիւնները Միտուած Են Տարածաշրջանին Մէջ Կայուն Խաղաղութեան․ ՀՀ Նախագահ

Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գործողութիւնները Միտուած Են Տարածաշրջանին Մէջ Կայուն Խաղաղութեան․ ՀՀ Նախագահ

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան անդրադարձած է Տաւուշի հատուածին մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին՝ վստահեցնելով, որ ՀՀ իշխանութեան գործողութիւնները միտուած են ներկային, ապագային եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան։

Վահագն Խաչատուրեան թեմային անդրադարձած է լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին։

«Այն գործընթացները, որոնք տեղի են ունենում Տաւուշում՝ Ոսկեպար, Բաղանիս, Կիրանց, Բերքաբեր գիւղերի միջեւ, միտուած են առաջին անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ սահմանները ճշդելուն։ Ի վերջոյ, մենք պէտք է գիտակցենք, որ եթէ կայ պետութիւն, պետութիւնը պէտք է ունենայ սահմաններ, եւ այդ պետութեան ապագան կախուած է լինելու նրանից, թէ հարեւանների հետ սահմաններն ինչքանով են ճշգրտուած։ Հակառակ դէպքում միշտ վտանգ կայ, այդ վտանգը պէտք է չէզոքացնել։  Ոչ թէ պէտք է սպասել եւ այդ վտանգը չէզոքացնել այն ժամանակ, երբ այն իրականում արդէն կայ, այլ այն ժամանակ, երբ դա չկայ, կրաւորական վիճակում է»,- ըսած է ՀՀ նախագահը՝ յաւելելով, որ այսօրուան քայլերը միտուած են այդ խնդիրի լուծման։

Խաչատուրեան նշած է, որ շատ դէպքերու մէջ իշխանութիւնը չի կրնար բանակցային գործընթացէն մանրամասնութիւններ ներկայացնել սահմանազատման հատուածին մէջ գտնուող գիւղերու բնակիչներուն, քանի որ այդ կրնայ խանգարել վերջնական լուծումը։

«Բայց վստահեցնում եւ հաւատացնում եմ, որ մենք շատ աւելի շահագրգռուած ենք եւ պատասխանատուութիւն ենք կրում տեղի ունեցող իրադարձութիւնների համար։ Եւ մեզ համար ամենակարեւորն այն մարդկանց անվտանգութիւնն ապահովելն է, որոնք ապրում են այդ գիւղերում»,- ընդգծած է նախագահ Խաչատուրեանը։

Ան աւելցուցած է, որ նաեւ որպէս ՀՀ քաղաքացի՝ կառավարութեան գործունէութիւնը խիզախութիւն կը համարէ։

«Նախկինում, ցաւօք սրտի, մենք խնդիրները թողնում էինք ապագային եւ նոյնիսկ հրապարակային էինք այդպէս յայտնել մի քանի անգամ։ Յայտնի մի այսպիսի թեզ կար, երբ խօսքը վերաբերում էր Ղարաբաղի խնդրի չլուծմանը՝ 100 տարի էլ կարող ենք այսպէս ապրել։ Տեսանք, որ 100 տարի չի լինում այդպէս ապրել, որովհետեւ ժամանակները, իրավիճակները փոխւում են, եւ այն, ինչ այսօր կարելի է անել, վաղը չենք կարող։ Պէտք է կարողանալ վտանգները ժամանակին վերացնել։ Հիմա եկել է ժամանակը, եւ մենք գնալու ենք այդ ուղղութեամբ»,- շեշտած է նախագահը՝ ողջունելով ՀՀ կառավարութեան գործունէութիւնը։

Վահագն Խաչատուրեան ՀՀ քաղաքացիներուն յորդորած է վստահիլ իշխանութեան գործողութիւններուն եւ չտրուիլ այն սադրանքներուն, որոնք շատ դէպքերում մէջ նպատակ ունին անոնց զգացմունքներուն վրայ խաղալ եւ իրականութիւն չեն պարունակեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment