Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայէն Հայաստանէն Կը Ժամանեն 30 Ընկերութիւններու Ներկայացուցիչներ. Մարթին Վասալը՝ ՀՀ Վարչապետին

Ֆրանսայէն Հայաստանէն Կը Ժամանեն 30 Ընկերութիւններու Ներկայացուցիչներ. Մարթին Վասալը՝ ՀՀ Վարչապետին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի Պուշ տիու-ռոն բաժնի խորհուրդի նախագահ Մարթին Վասալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է ֆրանսական պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ բարձր գնահատած է անձամբ տիկին Վասալի ներդրումը Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման գործին մէջ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ներկայիս երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է համագործակցութեան նոր շունչ ու մակարդակ, եւ այդ գործին մէջ իրենց ներդրումը ունին նաեւ Ֆրանսայի այն շրջանները, որոնք Հայաստանի մարզերուն հետ կը պահպանեն ամուր կապեր: Միաժամանակ, վարչապետը առանձնակի կարեւորած է երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան զարգացումն ու ամրապնդումը եւ այդ առումով ընդգծած է կառավարութիւններուն ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն սերտ փոխգործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Մարթին Վասալն անդրադարձած է Հայաստանի հետ տնտեսութեան, առողջապահութեան, ընկերային, մարդասիրական ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան եւ անոնց ընդլայնման հնարաւորութիւններուն ու քայլերուն: Մասնաւորապէս, Պուշ տիու-ռոն բաժնի խորհուրդի նախագահը տեղեկացուցած է, որ Ֆրանսայէն Հայաստան կը ժամանեն տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող 30 ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք հայ գործընկերներու հետ պիտի քննարկեն ներդրումային ծրագրերու իրականացման եւ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման հնարաւորութիւնները: Նշուած է նաեւ, որ Մարսէյի մէջ յառաջիկային պիտի բացուի «Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն»:

Զրուցակիցները կարեւորած են նաեւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի քաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը, զբօսաշրջային փոխայցելութիւններու խթանումը:

Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն եւ անոնց լուծման քայլերուն: Այս առումով, կարեւորուած է միջազգային գործընկերներուն կողմէ աջակցութեան ծրագրերու իրականացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment