Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Զինուորական Ծառայութենէն Հրաժարած Եւ Հայաստանի Մէջ Ապաստանած Ռուս Քաղաքացին Առեւանգուած Է, Ապօրինի Կը Պահուի Կիւմրիի Ռազմակայանին Մէջ․ ՀՔԱ

Զինուորական Ծառայութենէն Հրաժարած Եւ Հայաստանի Մէջ Ապաստանած Ռուս Քաղաքացին Առեւանգուած Է, Ապօրինի Կը Պահուի Կիւմրիի Ռազմակայանին Մէջ․ ՀՔԱ

by MassisPost

ՀՔԱ Վանաձորի գրասենեակը հերթական ահազանգը ստացած է ՀՀ Կիւմրի քաղաքին մէջ Ռուսաստանի ռազմական ոստիկանութեան աշխատակիցներու կողմէ Ռուսաստանի քաղաքացի առեւանգելու եւ 102-րդ ռազմակայանի տարածքին մէջ ապօրինի անազատութեան մէջ պահելու մասին։

«Ան․ Շչեթինը կը գտնուի հետախուզման մէջ եւ ապաստանած էր ՀՀ-ի մէջ զինուորական ծառայութենէն հրաժարելու հիմքով։

«Ներկայիս, ըստ մեր հաւաստի տեղեկութիւններուն, ՌԴ ռազմակայանի աշխատակիցները կը պատրաստուին Շչեթինը ինքնաթիռով տեղափոխելու Ռուսաստանի Դաշնութիւն։

«Հերթական անգամ ՌԴ իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները, խախտելով ՀՀ օրէնսդրութիւնը, ապօրինի գործողութիւններ կ’իրականացնեն. ՀՀ տարածքին անձը կ’առեւանգեն, կը պահեն ապօրինի անազատութեան մէջ եւ կը փորձեն տեղափոխել ՌԴ։

«Սոյն յայտարարութեամբ կը պահանջենք ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութենէն, ՀՀ Ներքին գործերու նախարարութենէն անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել եւ ազատել ազատութենէն ապօրինի զրկուած Ան․ Շչեթինը, քրէական հետապնդում իրականացնել առեւանգողներուն նկատմամբ, իսկ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ միջոցներ ձեռնարկել՝ կանխելու Անաթոլի Նիքոլաեւիչ Շչեթինին բռնի տեղափոխումը ՀՀ սահմանէն դուրս», ըսուած է գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment