Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուժեղ Եւ Կայուն Հայաստան Կը Նշանակէ Աւելի Ուժեղ Եւ Կայուն Հարաւային Կովկաս. Ժոզեփ Պորէլ

Ուժեղ Եւ Կայուն Հայաստան Կը Նշանակէ Աւելի Ուժեղ Եւ Կայուն Հարաւային Կովկաս. Ժոզեփ Պորէլ

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը կը փափաքի Հայաստանի համար դրական օրակարգ մշակել եւ, Միացեալ Նահանգներու հետ միաւորելով ուժերը, ցոյց տալ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան ու դիմակայունութեան հանդէպ ամուր նուիրուածութիւնը։

Այս մասին յայտնեց ԵՄ արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլ՝ Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Փաշինեան-Ֆոն տեր Լայեն-Պլինքըն եռակողմ հանդիպման ընդառաջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ։

Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին փոխանցմամբ՝ բարձր ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ երկու ամիս առաջ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Միրզոյեանի հետ որոշած են աշխատիլ ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան նոր օրակարգի վրայ եւ ընդգծեց, որ նոր օրակարգը պիտի ապահովէ յաւակնոտ տեսլական՝ խթանելու երկկողմ համագործակցութիւնը այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կարեւոր են Հայաստանի դիմակայունութեան, շարժունակութեան, առեւտուրի բազմազանեցման եւ կապի համար։

Ժոզեփ Պորէլ հաւաստիացուց, որ ասոնք միայն աջակցութեան խօսքեր չեն։ «Մենք կ’ողջունենք Հայաստանի ջանքերը ժողովրդավարութեան, փտածութեան դէմ պայքարի եւ օրէնքի գերակայութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Կարեւոր պիտի ըլլայ շարունակել բարեփոխումները երկրին դիմակայունութիւնը աւելի բարձրացնելու համար։ ԵՄ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ բարեփոխումներու ջանքերուն՝ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի իրականացման միջոցով», նշեց ԵՄ բարձր ներկայացուցիչը:
Պորէլ շեշտեց, որ ուժեղ եւ կայուն Հայաստան կը նշանակէ աւելի ուժեղ եւ կայուն Հարաւային Կովկաս, եւ այդ օգուտ պիտի բերէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment