Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատրաստ Ենք Մեր Ներդրումային Միջավայրը Աւելի Գրաւիչ Դարձնելու Եւրոպական Եւ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Համար. Փաշինեան

Պատրաստ Ենք Մեր Ներդրումային Միջավայրը Աւելի Գրաւիչ Դարձնելու Եւրոպական Եւ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Համար. Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Պրիւքսէլի մէջ, ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լայենի հետ եռակողմ հանդիպման ընդառաջ մամուլի ասուլիսի ժամանակ իր ելոյթը սկսաւ գործընկերներուն շնորհակալական խօսքով՝ ինքնիշխան, դիմակայուն եւ բարգաւաճ Հայաստանի համար հաւաքական յանձնառութեան համար։

Վարչապետը կարեւորեց եռակողմ հանդիպումը՝ զայն անուանելով Միացեալ Նահանգներու եւ ԵՄ-ի հետ ընդլայնուող գործընկերութիւն։

«Չբաւարարուելով ձեռք բերուած յառաջընթացով՝ մենք կը քննարկենք Հայաստանի ջանքերը՝ ուղղուած ժողովրդավարական հիմնարկների դիմակայունութեան ամրապնդմանը։ Մենք համոզուած ենք, որ մեր համագործակցութեան հիմքում ընկած է մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների նկատմամբ յարգանքը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերահաստատում է արդարադատութեան եւ հանրային հատուածի բարեփոխումներն յառաջ մղելու իր յանձնառութիւնը՝ աւելի ուժեղ, աւելի ապահով եւ յառաջադէմ երկիր կառուցելու համար», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան։

Վարչապետը իր ելոյթին մէջ նշեց՝ հիմնուելով արդիւնաւէտ քաղաքական համագործակցութեան վրայ՝ ճիշդ ժամանակն է յառաջ մղել տնտեսական համագործակցութիւնը, խթանել առեւտուրը եւ ընդլայնել գործընկերությունը շարժունակությեան ոլորտին մէջ. «Մենք վճռական ենք բարձրացնելու Հայաստանի մասնաւոր հատուածի մրցունակությունը նոր շուկաներ մուտք գործելու նպատակով: Աւելին, մենք պատրաստ ենք բարելաւել մեր ներդրումային միջավայրը եւ այն աւելի գրաւիչ դարձնել եւրոպական եւ ամերիկեան ընկերութիւնների համար: Մենք ակնկալում ենք, որ մեր գործընկերները մեզ կ’աջակցեն արդիականացնել Հայաստանի որակի ենթակառուցուածքը, կառուցել առեւտրային ցանցեր եւ ուսումնասիրել առեւտրի դիւրացման հնարաւոր յտակագիծերը»:

Անդրադառնալով ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած աւելի քան 100 հազար հայերու կարիքներուն՝ վարչապետը կարեւորեց անոնց արժանապատիւ կեանքը վերականգնելը՝ բնակարանային եւ տնտեսական աշխուժացման քաղաքականութիւններու միջոցով։

Խօսելով Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն՝ Նիկոլ Փաշինեան եւս մէկ անգամ վերահաստատեց Հայաստանի հաւատարմութիւնը գործընթացին՝ հիմնուած միմեանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ՝ համաձայն 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրին:

Ան յաւելեց, որ Հայաստանը նաեւ լիովին հաւատարիմ է Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ սահմաններու սահմանազատման եւ տարածաշրջանային բոլոր հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, որը հիմնուած է երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքները լիարժէք յարգելու վրայ։

Իր ելոյթի աւարտին վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ այդ ամէնուն հասնելու համար կառավարութիւնը ներկայացուցած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ գործընկերները կ’աջակցին, որպէսզի նախաձեռնութիւնը համարկուի ԵՄ Համաշխարհային դարպասներու ռազմավարութեան հետ։

«Ես հաւատում եմ, որ ժողովրդավարական, խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի մեր ընդհանուր տեսլականը կը շարունակի ծառայել որպէս մեր փոխվստահելի յարաբերութիւնների հիմնասիւնը ու առաջնորդող փարոս», ըսաւ Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment