Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Փափաքինք, Որ Հայաստանը Հաստատէ Իր Դիրքը՝ Որպէս Ուժեղ, Անկախ Պետութիւն․ Էնթընի Պլինքըն

Կը Փափաքինք, Որ Հայաստանը Հաստատէ Իր Դիրքը՝ Որպէս Ուժեղ, Անկախ Պետութիւն․ Էնթընի Պլինքըն

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, Պրիւքսէլի մէջ կայացած ԱՄՆ-ԵՄ-Հայաստան եռակողմ հանդիպման մեկնարկին ընդառաջ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ Ուաշինկթընը եւ Պրիւքսէլը կը վերահաստատեն աջակցութիւնը հայ ժողովուրդի  ժողովրդավարական, բարգաւաճ ապագային:

ԱՄՆ պետական քարտուղարը իր խօսքին մէջ ընդգծեց.

«Յարգելի վարչապետ, թոյլ տուէք սկսիլ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով՝ Ձեր առաջնորդութեան եւ գործընկերութեան համար։ Այդ շատ բան կը նշանակէ, եւ կը կարծեմ, որ այն շատ ամուր հիմք կը ստեղծէ այն ամէնուն համար, թէ ինչ կրնանք միասին ընել ապագային: Մենք այստեղ ենք՝ վերահաստատելու անդրատլանտեան աջակցութիւնը հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական, բարգաւաճ ապագայի եւ Հարաւային Կովկասի աւելի համարկուած եւ խաղաղ տարածաշրջանի համար:

Մենք կը կիսենք հայ ժողովուրդին ապագայի տեսլականը: Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստանը հաստատէ իր դիրքը՝ որպէս ուժեղ, անկախ պետութիւն եւ խաղաղ իր հարեւաններուն հետ՝ կապուած տարածաշրջանի եւ աշխարհի հետ: ԱՄՆ եւ ԵՄ կը փափաքին գործընկերներ ըլլալ այդ ջանքերուն, եւ ես կը կարծեմ, որ այսօրուան հանդիպումը անոր վկայութիւնն է։ Մենք պէտք է օգտագործենք հայ ժողովուրդին եւ առաջնորդներուն ընտրութեան այս պահը»։

Պլինքըն կարեւորած է ԱՄՆ-ի կողմէ ներդրուած ջանքերը, որոնք համահունչ են ՀՀ վարչապետի կառավարման եւ տնտեսական բարեփոխումներուն։

Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ կը նախատեսէ ապահովել աւելի քան 65 միլիոն ԱՄՆ տոլարի օգնութիւն 2023 թ. ֆինանսական տարուայ պիւտճէի միջոցներէն: Այդ աւելի քան 50%-ով աւելի է, քան երկու տարի առաջ: Մենք հաւատարիմ ենք աւելի մեծցնելու մեր աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական եւ տնտեսական դիմակայունութեան՝ սնունդի անվտանգութեան, թուային ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթային բազմազանեցման, առեւտրային գործընկերներու բազմազանեցման եւ այլ առաջնահերթութիւններու ներդրումներու միջոցով, որոնց մասին նշեց  վարչապետը»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment