Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Կը Դիտարկէ Աջակցիլ ՀՀ Զինուած Ուժերուն Ոչ-Մահաբեր Զէնքերով. ԵՄ Դեսպան

ԵՄ-ն Կը Դիտարկէ Աջակցիլ ՀՀ Զինուած Ուժերուն Ոչ-Մահաբեր Զէնքերով. ԵՄ Դեսպան

by MassisPost

Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները խորացնող Հայաստանի համար ինչ հեռանկարներ ու մարտահրաւէրներ կան՝ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած են այս թեմայով արեւմտամէտ քաղաքական ուժերը, կազմակերպութիւններն ու փորձագէտները։ Եւրոհամարկման թեմայով այս լսումներուն հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Վասիլի Մարակոսը։

«Յառաջխաղացում կայ նաեւ անվտանգութեան հարցով Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան բերումով», շեշտեց Եւրոմիութեան դեսպանը։ Եւրոմիութիւնը կը դիտարկի աջակցիլ Հայաստանի Զինուած Ուժերուն, էական աջակցութեան մասին է խօսքը, ըսաւ դեսպանը:

«ԵՄ-ն կը դիտարկէ աջակցիլ ՀՀ Զինուած Ուժերուն ոչ-մահաբեր զէնքերու տեսակէտէն, բայց էական աջակցութեան մասին է խօսքը, որպէսզի կարենանք ուժեղացնել կարողութիւնները: Սա կը վերաբերի Եւրոպական խաղաղութեան մեխանիզմի շրջանակներուն։ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ ամբողջական յանձնառու մնալ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման եւ կարգաւորման հարցին, ներառեալ այն հանդիպումները, որոնք կազմակերպած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը», յայտնեց Մարակոս:

Ռազմական աջակցութեան մասին աւելի մանրամասն չխօսեցաւ ԵՄ դեսպանը։

Լսումներու մասնակիցներու ելոյթներուն հիմնական մեխը Հայաստանի անվտանգութիւնն էր։ «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան ղեկավար, նախկին պատգամաւոր Արման Բաբաջանեան կ’առաջարկէ հրաժարիլ, իր ձեւակերպմամբ, «Ռուսաստանի խնամակալութենէն», Հայաստանի տարածքին Ռուսաստանի ներկայութիւնը կրճատել։

«Մնալով ռուսական ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական ուղեծրում՝ Հայաստանի համար ամէն օր առաջ է բերելու գոյաբանական վտանգ եւ սպառնալիք», յայտնեց Բաբաջանեան:

Ի՞նչ փաթեթով վարչապետ Փաշինեան պէտք է մեկնի Պրիւքսէլ: Արտախորհրդարանական «Հանրապետութիւն» կուսակցութենէն Անահիտ Ադամեանը կը պահանջէր՝ վարչապետը տարածաշրջանային անվտանգութեան յստակ փաթեթով երթայ այդ կարեւոր հանդիպմանը։

«Ռազմաքաղաքական համաձայնագրերի կնքման առաջարկներ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ երկրների հետ՝ մինչեւ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելը ապահովելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանունակութիւնը: Աներկբայ է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է դուրս գայ ոչ միայն ՀԱՊԿ-ից, այլեւ՝ ԱՊՀ-ից ու ԵԱՏՄ-ից», ընդգծեց Ադամեան:

Եւրոհամարկման օրակարգով Նիկոլ Փաշինեանը յորդորած էր քաղաքացիական հասարակութեան, ուժերուն աշխոյժ քննարկումներ սկսիլ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւէն յետոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment