Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանազատումը Տաւուշէն Սկսելու Վերաբերեալ Որոշում Դեռ Չկայ. Փոխվարչապետի Գրասենեակ

Սահմանազատումը Տաւուշէն Սկսելու Վերաբերեալ Որոշում Դեռ Չկայ. Փոխվարչապետի Գրասենեակ

by MassisPost

Սահմանազատման յանձնաժողովի նախագահ, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակրն կը տեղեկացնեն՝ երկու երկիրներու յանձնաժողովները շարք մը հարցերու, ընդ որում՝ սահմանազատումը Տաւուշի մարզէն սկսելու վերաբերեալ որեւէ կայացուած որոշում կամ ձեռք բերուած համաձայնութիւն չունին:

«Ազատութիւնը» փոխվարչապետ Գրիգորեանի գրասենեակէն, մասնաւորապէս, հետաքրքրուած էր՝ արդեօ՞ք սահմանազատման յանձնաժողովներուն աշխատանքները կը մտնեն գործնական փուլ, Հայաստանի սահմանազատման յանձնաժողովը համաձայնա՞ծ է սահմանազատումը սկսիլ Տաւուշի մարզէն, կա՞յ յստակ ժամկէտ, թէ երբ պէտք է Ատրպէյճանին վերադարձուին պահանջուած չորս գիւղերը, Պաքուն կող՞մ է որպէս ահմանազատման հիմք ընդունիլ Ալմա-աթիի հռչակագիրը:

Այս բոլոր հարցերուն վերաբերեալ, կը պարզուի, որ  որոշում եւ համաձայնութիւն չկայ. ինչպէս փոխվարչապետին գրասենեակը կը փոխանցէ՝ քննարկումներ կ’ընթանան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment