Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութիւնը Կը Վերածուի ՆԱԹՕ-ի Առաքելութեան». Զախարովա Կը Սպառնայ Ուքրանիոյ Օրինակով

«Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութիւնը Կը Վերածուի ՆԱԹՕ-ի Առաքելութեան». Զախարովա Կը Սպառնայ Ուքրանիոյ Օրինակով

by MassisPost

ԵՄ առաջնորդները Հայաստանին կոչ կ’ընեն ներդրումներ կատարելու ռազմարդիւնաբերական համալիրին մէջ՝ «հրահրելով հակառուսական ջղագրգռութիւն», յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։  «Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը Արեւմուտքի ջանքերով կը վերածուի ըստ էութեան ՆԱԹՕ-ի առաքելութեան: Յանուն դաշինքի նկատմամբ որոշակի պահանջարկի դրսեւորման՝ անոր անդամ երկիրներու ղեկավարները հակառուսական ջղագրգռութիւն կը հրահրեն, կոչ կ’ընեն նախապատրաստուելու մեր երկրին հետ ռազմական հակամարտութեան, հսկայական գումարներ կը ներդնեն ռազմարդիւնաբերական համալիրին մէջ՝ ակնյայտ տնտեսական խնդիրներու լոյսին տակ», ճեպազրոյցին ընթացքին ըսած է Զախարովան։

ՆԱԹՕ-ն, Զախարովայի խօսքով, շատ բան խոստացած է տարբեր երկիրներու՝ Սերպիոյ, Ուքրանիոյ։ Անոնք, որոնք կրցան թոյլ չտալ այդ ուղերձը, որուն քօղի տակ տեղի ունեցաւ պետականութեան, հասարակութեան եւ տնտեսութեան կործանում, այդ երկիրները կանգուն մնացին։ «Անոնք, որոնք չկրցան կամ չուզեցին, օրինակ՝ Ուքրանիան, փլուզուեցան», ըսած է Զախարովան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment