Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ն Պատրաստ Է «Սահմանի Ամբողջ Երկայնքով Երթալ Լուծումներու, Այդ Շարքին՝ Տաւուշին Յարակից Ամենախնդրայարոյց Հատուածներուն Մէջ»

ՀՀ-ն Պատրաստ Է «Սահմանի Ամբողջ Երկայնքով Երթալ Լուծումներու, Այդ Շարքին՝ Տաւուշին Յարակից Ամենախնդրայարոյց Հատուածներուն Մէջ»

by MassisPost

Հայաստանը պատրաս՞տ է արդեօք առանց սահմանազատման բուն գործընթացը սկսելու Ատրպէյճանին վերադարձնելու չորս ոչ-ներգաւառային գիւղերը, ինչպէս կը պահանջէ Պաքուն:

«Ազատութեան» ուղարկած գրաւոր հարցումին ի պատասխան կառավարութենէն յայտնեցին, թէ խնդրոյ առարկայ հատուածներուն մէջ անհրաժեշտ է տեղորոշել, թէ ուր կը սկսի Հայաստանի տարածքը:

Պաքուն չորս գիւղի անուն կու տայ՝ Բաղանիս Այրում, Աշաղը Ասքիպարա, Խեյրիմլի եւ Ղըզըլհաճիլի։ Այդ տեղորոշումը, ըստ կառավարութեան, պէտք է իրականացուի իրաւական ուժ ունեցող փաստաթուղթերու հիման վրայ:

«Ըստ այդմ՝ տէ իւրէ Հայաստանի տարածքը պէտք է լինի Հայաստանի Հանրապետութեան տնօրինութեան եւ վերահսկողութեան ներքոյ, իսկ Ատրպէյճանի տարածքը՝ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան տնօրինութեան եւ վերահսկողութեան ներքոյ», յայտնած են կառավարութենէն՝ ընդգծելով նաեւ, որ Հայաստանը պատրաստ է երթալու նման լուծումներու սահմանի ամբողջ երկայնքով։

«Հայաստանը պատրաստ է նոյն բանաձեւով լուծումներու գնալ նաեւ Տաւուշի մարզին յարակից ամենախնդրայարոյց տարածքներում», յաւելած են Գործադիրէն։

Ինչ կը վերաբերի արտագաւառ/ներգաւառներուն, այս պարագային Հայաստանի համար «ըմբռնելի է անոնց հարցը աւելի ուշ դիտարկելու մօտեցումը, կրկին որպէս ելակէտ ունենալով տէ իւրէ իրաւական ուժ ունեցող փաստաթուղթերու հիման վրայ այդ տարածքները սահմանազատելու եւ սահմանագծելու մօտեցումը»:

«Ազատութեան» գրաւոր հարցումին ի պատասխան նաեւ յղում ըրած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ասուլիսի ընթացքին կատարուած յայտարարութեան, որ Հայաստանը յաւակնութիւններ չունի իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն դուրս որեւէ տարածքի նկատմամբ, բայց նաեւ չի կրնար սեփական ինքնիշխան տարածքը յանձնել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment