Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Երեւանի Օդակայանէն Ռուս Սահմանապահներու Դուրսբերման Վերաբերեալ Նամակ Ստացած Է. Փեսքով

Մոսկուան Երեւանի Օդակայանէն Ռուս Սահմանապահներու Դուրսբերման Վերաբերեալ Նամակ Ստացած Է. Փեսքով

by MassisPost

Մոսկուան գերատեսչական նամակ ստացած է Երեւանի օդակայանէն ռուս սահմանապահներու դուրսբերման մասին։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեքով։

«Այնտեղ, իրօք, գերատեսչական նամակ ստացուած է այս առնչութեամբ: Եւ այժմ գերատեսչութիւններու միջոցով շփումներ կ’իրականացուին: Աւելին հիմա չեմ կրնար ըսել: Բնականաբար, բոլոր հնարաւոր մակարդակներով շփումները պիտի շարունակուին», ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ հայկական կողմը շնորհակալութիւն յայտնած է ռուսական կողմին աջակցութեան համար եւ տեղեկացուցած, որ կրնայ իր ուժերով իրականացնել սահմանային հսկողութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment