Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան. «Հայաստանը Անկեղծօրէն Կը Փափաքի, Որ Պետական Սահմանները Հնարաւորինս Շուտ Բացուին»

Միրզոյեան. «Հայաստանը Անկեղծօրէն Կը Փափաքի, Որ Պետական Սահմանները Հնարաւորինս Շուտ Բացուին»

by MassisPost

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակին մէջ առկայ են շարունակական շփումներ, որոնք դրական յարաշարժութիւն կ’ապահովեն, ըսած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին մասնակցութեան շրջանակին մէջ թրքական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ:

Մասնաւորապէս, նշած է նախարարը, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անցագիր կրողներու համար: Միրզոյեան յայտնած է նաև, որ պատմական Անիի կամուրջին վերականգնումը եւս կը քննարկուի՝ յիշեցնելով, որ որոշ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են սահմանամերձ շրջաններու մէջ ենթակառուցուածքներու եւ ճանապարհներու կառուցման վերաբերեալ։

«Հայաստանն անկեղծօրէն ցանկանում է, որ պետական սահմանները հնարաւորինս շուտ բացուեն, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեն եւ ընդլայնուեն երկու ժողովուրդների ու մշակոյթների միջեւ կապերը», ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան լրատուական վարչութեան փոխանցմամբ՝ նշած է Միրզոյեան:

«Սահմանների բացման առաւելութիւնները ակնյայտ են: Առաջին հերթին սա շատ կարեւոր է մարդկանց համար։ Յարաբերութիւնների զարգացումը, տնտեսական յարաբերութիւնների աճն առաջին հերթին օգուտ կը բերեն մարդկանց, ինչը Հայաստանի քաղաքացիների մեծ մասը գիտակցում է», ընդգծած է նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment