Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Կ’երթայ Վտանգաւոր Ճանապարհով. Դաշնային Խորհուրդին Մէջ Վրդոված Են Ռուս Սահմանապահներու Դուրսբերման Որոշումէն

Հայաստան Կ’երթայ Վտանգաւոր Ճանապարհով. Դաշնային Խորհուրդին Մէջ Վրդոված Են Ռուս Սահմանապահներու Դուրսբերման Որոշումէն

by MassisPost

Դաշնութեան Խորհուրդի անդամ Վիքթոր Պոնտարեւ կը կարծէ, որ Հայաստանէն ռուս սահմանապահներու դուրսբերումը կրնայ յանգեցնել լարուածութեան սրման:

Լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին ան յայտարարած է, թէ սա Երեւանի առաջին «մեծ ոչ-բարեկամական քայլն է Մոսկուայի նկատմամբ»։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանը կ’երթայ վտանգաւոր ճանապարհով, որ յղի է Անդրկովկասը լարուածութեան եւ մշտական հակամարտութիւններու տարածաշրջանի վերածելու վտանգով:

«Այդ կը յուշէ, որ մեզ այլեւս առանձնապէս չեն ողջուներ Հայաստանի մէջ։ Սա իրականութեան մէջ Հայաստանի դանդաղ ու հաստատուն սահում է դէպի անբարեացակամութիւն, շեղում ՀԱՊԿ-ի հիմքերէն։ Եւ այստեղ պատճառը արեւմտեան էմիսարներու ազդեցութիւնն է, որոնք Հայաստանին եւրոպական լուսաւոր ապագայ կը խոստանան, ինչպէս նաեւ պաշտպանութիւն Ատրպէյճանի եւ Իրանի տարածքային պահանջներէն։ Սա վտանգաւոր ուղի է, որ յղի է տարածաշրջանային վտանգներով, ինչ որ ռուսական կողմը ակնյայտօրէն չէր փափաքիր», ըսած է Պոնտարեւ։

Ան յիշեցուցած է, որ ռուսական զօրքերը կ’ապահովեն անվտանգութիւնը հանրապետութեան տարածքին մէջ, ուստի հայկական կողմին «պէտք է եօթը անգամ չափել եւ մէկ անգամ կտրել»։ Ծերակուտականը նաեւ կը կարծէ, որ Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է ազդէ իր կառավարութեան վրայ, որ սկսած է «հաւատալ արեւմտեան խոստումներուն» եւ չի հասկնար ինքնիշխանութիւնը կորսնցնելու վտանգը։

«Ասոնք վտանգաւոր քաղաքական խաղեր են, եւ յանուն իրենց բարօրութեան եւ կայունութեան ես խորհուրդ չեմ տար, որ Հայաստանի իշխանութիւնները նոյնիսկ մտածեն Հայաստանէն ռուսական զօրքերու դուրս բերման մասին», ընդգծած է Պոնտարեւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment