Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Տարածաշրջանէն Դուրս Անվտանգութեան Փնտռտուքը Հակառակ Արդիւնքը Պիտի Ունենայ»․ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը՝ Պապիկեանին

«Տարածաշրջանէն Դուրս Անվտանգութեան Փնտռտուքը Հակառակ Արդիւնքը Պիտի Ունենայ»․ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը՝ Պապիկեանին

by MassisPost

Իրանը մեծ նշանակութիւն կու տայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն, Թեհրանի մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպման ժամանակ, յայտարարած է Իրանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավար Մոհամմատ Ռեզա Ղարայի Աշթիանին՝ շեշտելով, որ բոլոր հարեւաններուն հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներէն է։

Ըստ իրանեան «Mehr» գործակալութեան՝ Աշթիանին Իրանի աջակցութիւնը յայտնած է տարածաշրջանային խաղաղութեան՝ վերահաստատելով․ «Իրանի վճռական դիրքորոշումն է աջակցիլ տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու չփոփոխման»:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Իրանը հաւատարիմ պիտի մնայ այս քաղաքականութեան եւ պիտի աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ կապերուն։

Աշթիանի նաեւ վերահաստատած է Իրանի աւելի վաղ արտայայտած եւս մէկ դիրքորոշում՝ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը պէտք է պահպանեն տարածաշրջանի երկիրները, այլ մօտեցում Թեհրանի համար ընդունելի չէ։

Հայկական կողմին փոխանցմամբ, Հայաստանի եւ Իրանի պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ընթացքն ու զարգացման հեռանկարները, խօսած են միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու մասին՝ վերահաստատելով իրենց դիրքորոշումները Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման վերաբերեալ:

Պապիկեան  հանդիպած է նաեւ Իրանի զինուած ուժերու շտաբի պետ, զօրավար-մայոր Մոհամմատ Պաղերիի հետ, քննարկած ռազմական համագործակցութեան ու տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment