Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը երկու Կարեւոր Հարցի Շուրջ Անհամաձայնութիւն Ունին. Միրզոյեան

Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը երկու Կարեւոր Հարցի Շուրջ Անհամաձայնութիւն Ունին. Միրզոյեան

by MassisPost

Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովի շրջանակներուն մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հարցազրոյց տուած է Թուրքիոյ «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան եւ, ի թիւս այլ հարցերու, խօսած է հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններէն ու կարգաւորման գործընթացէն։

Ըստ Միրզոյեանի, կողմերուն միջեւ կան որոշակի խնդիրներ, որոնցմէ մի քանիին շուրջ համաձայնութեան եկած են։ Միրզոյեան նշած է, որ երկու կարեւոր հարցերու շուրջ կողմերուն մօտեցումները տարբեր են։ Խնդիրներէն առաջինը երկու երկիրներու սահմաններու որոշման սկզբունքն է, իսկ երկրորդը՝ տարածաշրջանային կապերուն ու ճանապարհային հանգոյցներու ապաշրջափակումը։

Նշելով, որ ոչ ոք նոր սահմաններ գծելու իրաւասութիւն ունի, Միրզոյեան ըսած է, որ Երեւանը կը փափաքի, որ Ալմա-Աթայի 1991 թուականի հռչակագիրը ներառուի խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին մէջ։ Միրզոյեան յայտարարած է, որ այս հարցով Ատրպէյճանէն դրական պատասխան չէ ստացուած։

Միրզոյեան նաեւ նշած է, որ հայկական կողմը «պատրաստ է բանալու փոխադրութեան երթուղիները տարածաշրջանի բոլոր ուղիներու եւ հանգոյցներու երկայնքով»։ Ան յաւելած է, որ հայկական կողմը դէմ է երրորդ երկիրներու ներգրաւման, որոնք պէտք է ապահովեն Հայաստանով անցնող ճանապարհային ուղիներու, կեանքի եւ գոյքի անվտանգութիւնը եւ ըսած, որ տարածաշրջանին մէջ փոխադրութեան ուղիները «պէտք է ըլլան այն երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան ներքոյ, ուր կը գտնուին։ Կարեւոր են փոխադարձութեան ու հաւասարութեան սկզբունքները։ Գործընթացը պէտք է կառուցուի այս մօտեցումներով»։

Արարատ Միրզոյեան մատնանշած է, որ փոխադարձութեան ու հաւասարութեան նոյն սկզբունքը պիտի գործէ Ատրպէյճանով անցնող փոխադրութեան ուղիներուն վրայ, եւ որ այնտեղով անցնող ճանապարհներուն վերաբերեալ նոյնպիսի լիազօրութիւնները պէտք է պատկանին Պաքուին։ Միրզոյեան, սակայն, ընդգծած է, որ ատրպէյճանական կողմը հաւանութիւն չէ տուած այդ սկզբունքին։

Հարցումին, թէ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ իր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ժամանակ որոշուած է արդեօ՞ք յաջորդ հանդիպման օրը, Միրզոյեան պատասխանած է, որ նոր հանդիպման օրը որոշուած չէ, իրենք մշտական կապի մէջ են եւ յոյս ունին յառաջիկային որոշել հանդիպման նոր ժամկէտ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment