Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոխորհրդարանը Կոչ Ըրած Է Հայաստանի Դէմ Ռազմական Յարձակման Պարագային Կասեցնելու Քարիւղի Եւ Կազի Ներմուծումը Ատրպէյճանէն

Եւրոխորհրդարանը Կոչ Ըրած Է Հայաստանի Դէմ Ռազմական Յարձակման Պարագային Կասեցնելու Քարիւղի Եւ Կազի Ներմուծումը Ատրպէյճանէն

by MassisPost

Եւրոխորհրդարանը ընդունած է երկու բանաձեւ, որոնց մէջ Եւրոմիութեան կոչ ըրած է անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի դէմ եւ կասեցնելու ռազմավարական ուժանիւթային գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը:

Բացի վերը նշուածէն, բանաձեւերով ԵՄ-էն կը պահանջուի նաեւ կասեցնել քարիւղի եւ կազի ներմուծումը Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ որեւէ ռազմական ոտնձգութեան պարագային:

«Արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման վերաբերեալ» տարեկան զեկոյցին վերաբերեալ բանաձեւին մէջ կոչ կը կատարուի Խորհուրդին՝ պատրաստ ըլլալու նպատակային եւ անհատական պատժամիջոցներ կիրառելու ոտնձգութեան հեղինակներուն դէմ, ներառեալ, բայց չսահմանափակուելով նախագահ Ալիեւի քաղաքական եւ ռազմական շրջապատով:

Փաստաթուղթին մէջ Եւրոխորհրդարանը կրկին անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ նախապէս ծրագրուած յարձակման Լեռնային Ղարաբաղի հայերու դէմ եւ դատապարտել Պաքուի գործողութիւնները:

Խորհրդարանականները նշած են, որ իրավիճակի վերաբերեալ բազմաթիւ նախազգուշացումները չեն յանգեցուցած Ատրպէյճանի նկատմամբ ԵՄ քաղաքականութեան որեւէ փոփոխութեան:

«Կը պնդենք, որ Ատրպէյճանի հետ ԵՄ-ի յարաբերութիւններու ոերւէ խորացում պէտք է պայմանաւորուի մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու, ներառեալ՝ ցեղային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկրի զգալի յառաջընթացով։ Եւրոխորհրդարանը կոչ կ’ընէ ԵՄ-ին՝ անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի դէմ եւ կասեցնելու Ռազմավարական ուժանիւթային գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը: Կը վերահաստատենք աջակցութիւնը Հայաստանի՝ ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած կառավարութեան եւ լիակատար յարգանքը երկրի ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ: Բարձր կը գնահատենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ Հայաստանը պիտի չներքաշուի Ատրպէյճանի հետ նոր պատերազմի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր վերջին կոչերը՝ վերսկսելու Ատրպէյճանի հետ ամենաբարձր մակարդակով խաղաղ բանակցութիւնները», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Բանաձեւին մէջ Եւրոխորհրդարանը դատապարտած է Ռուսաստանի միջամտութիւնը Հայաստանի ներքին գործերուն, որ, անոնց կարծիքով, ուղղուած է անկարգութիւններու տարածման: ԵՄ-ին կոչ կը կատարուի ուժեղացնելու ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ: Եւրոխորհրդարանը նաեւ ողջունած է Հայաստանի որոշումը՝ վաւերացնել Միջազգային Քրէական Դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment