Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Սէմ Սիմոնեան Պիտի Յաջորդէ Պերճ Սեդրակեանին Իբր ՀԲԸՄ-ի Նախագահ

Սէմ Սիմոնեան Պիտի Յաջորդէ Պերճ Սեդրակեանին Իբր ՀԲԸՄ-ի Նախագահ

by MassisPost

Պերճ Սեդրակեան, քսաներկու տարիներ վարելէ ետք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահութիւնը, քառասուն եօթ տարիներ որպէս Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, հասած ըլլալով Միութեան Ծրագիր Կանոնագրով որոշուած տարիքային սահմանին, յառաջիկայ աշնան կ’աւարտէ նախագահական իր շրջանը:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, 24 Փետրուարի իր նիստին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին հաւանութեամբ, միաձայնութեամբ առաջադրեց Սէմ Սինոնեանը որպէս յաջորդ եւ Միութեան ութերորդ նախագահ:  Սէմ Սիմոնեան պաշտօնապէս պիտի ընտրուի՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի յառաջիկայ 93-րդ Ընդհանուր Ժողովին, որ պիտի կայանայ 12 Հոկտեմբեր 2024-ին, Նիւ Եորքի մէջ:  Պերճ Սեդրակեան պիտի միանայ Հոգաբարձուներու Խորհուրդին:

Սէմ Սիմոնեան, 2000էն 2019 եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ:  Ներկայիս մաս կը կազմէ Հոգաբարձուներու Խորհուրդին: Ան իր կեանքի ընթացքին, գործարարական եւ ճարտարագիտական իր բազմաթիւ փայլուն իրագործումներուն եւ բարերարական նախաձեռնութիւններուն առընթեր, գործօն մասնակցութիւն բերած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:  Ինք եւ իր տիկինը Սիլվան, շրջանաւարտներ են Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի վարժարաններէն:  Անոնք հիմնադիրներն են Հայաստանի ԹՈՒՄՕ Ստեղծարար Ճարտարարուեստներու Կեդրոնին, որ իբր արտադպրոցական հիմնարար կրթական  նախաձեռնութիւն, ինքնուսուցման իւրայատուկ ծրագրով, առիթ կ’ընձեռէ ուսանողներու, ճարտարագիտական ստեղծարար եւ նախագծային մարզերու մէջ մրցունակ ձիրքեր մշակելու՝ իրենց  յետագայ  տնտեսական ասպարէզներուն ուղղութեամբ:  ԹՈՒՄՕ Կեդրոնի հիմնադրութենէն ասդին, անոր գործունէութիւնը տարածուած է ամբողջ Հայաստանի մէջ, հասնելով մինչեւ ամենահեռաւոր շրջաններ:  Առաւել, նոյնպիսի կեդրոններ ստեղծուած են համաշխարհային շարք մը գլխաւոր քաղաքներու մէջ:

Կեդրոնական Վարչութեան 24 Փետրուարի նիստի քուէարկութենէն ետք, անդրադառնալով Սէմ Սիմոնեանի որպէս յաջորդ նախագահ բարեյաջող ընտրութեան, Նախագահ Պերճ Սեդրակեան նշեց՝

«Անկասկած, Սէմ Սիմոնեան լաւագոյն յատկանիշներով օժտուած է, վարելու համար Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ծաւալով, տարողութեամբ եւ հասողութեամբ կազմակերպութիւն մը:  Սէմ Սիմոնեան անվերապահ կերպով կը փարի Միութեան հիմնական առաքելութեան եւ խոր յարգանք կը տածէ անոր ժառանգութեան նկատմամբ:  Միաժամանակ ան գիտակից է նաեւ, որ  մեր պատկառելի կազմակերպութեան նման կառոյց մը, որպէսզի կարենայ կենսունակ մնալ, անհրաժեշտ է որ փոփոխութիւններ ի գործ դրուին պատասխանատու եւ ծրագրուած ռազմավարութեամբ:  Ես համոզուած եմ, որ Կեդրոնական Վարչութեան աջակցութեամբ, Սէմ Սիմոնեան պիտի առաջնորդէ Հ.Բ.Ը.Մ.ը նոյն համարձակութեամբ եւ ձեռներեցութեամբ, որոնցմով ան իրագործած է իր մասնագիտական ասպարէզի փայլուն նախաձեռնութիւնները:»

Ընդունելով Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հոգաբարձուներու Խորհուրդին կողմէ իր առաջադրումը, Սէմ Սիմոնան շնորհակալութիւն յայտնեց իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար:  Ան աւելցուց՝ «Ես հպարտ եմ, որ կը հետեւիմ ինծի նախորդող եօթը հզօր առաջնորդներու, որոնք իրենց ժամանակներու եւ իրադարձութիւններու խոր ըմբռնումով եւ փորձառութեամբ, Միութիւնը հասցուցած են հոն, ուր ան կը գտնուի այսօր, իր հիմնադրութենէն աւելի քան մէկ դար ետք:  Ես յատուկ յարգանք ունիմ Պերճ Սեդրակեանին հանդէպ եւ խորապէս կը գնահատեմ զինք, սերտօրէն գործակցած ըլլալով իր հետ, իր կենսանուէր նախագահութեան եւ ամբողջանուէր ծառայութեան ընթացքին:  Հ.Բ.Ը.Մ.ի մէջ մեր գործունէութեան ընթացքին, Սիլվան եւ ես, անձական խոր մտերմութիւններ մշակած ենք Վերային եւ Պերճին հետ, որոնց հետ մեր սերտ բարեկամութիւնը շատ բարձր կը գնահատենք մենք:»

1989-ին, Սէմ Սիմոնեան համահիմնադիը եղած է Ինէթ Թէքնոլոճիզ (Inet Technologies) հեռա-հաղորդակցական (telecommunications) ընկերութեան որ մասնագիտական ծառայութիւններ կ’ապահովէ ցանցային կառավարումի եւ գործարարական մարզերու համար:  1994-ին, ան ընտրուած է Տարուան Գործարար՝ Inc. Magazine, Ernst & Young եւ Merrill Lynch-ի կողմէ: 2000 տարուան Մայիսին, ան կ’արժանանայ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Էլլիս Այլընտպատուոյ շքանշանին:  Հայաստանի պետութեան կողմէ ան գնահատուած է Անանիա Շիրակացի բարձրագոյն շքանշանով, հայ ինքնութեան պահպանումին եւ հայրենիքին մատուցած բարձրարժէք ծառայութիւններու համար, նաեւ Հայաստանի եւ օտար պետութիւններու միջեւ բարեկամութիւններու մշակման ի նպաստ՝ իր կատարած աշխատանքներուն համար:  Ծնած է Լիբանան, իսկ ներկայիս հաստատուած է Տալաս, Թէքսաս: Սէմ Սիմոնեան ծնունդն է հայ համայնքին եւ ջատագովը՝ անոր:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի 93-րդ Ընդհանուր Ժողովին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրելի պիտի ըլլան յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:  Հաճեցէք արձանագրել Հոկտեմբեր 10-12, 2024 թուկանը:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment