Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանցի Զինուորը Հատած Է Տեղ Համայնքի Սահմանային Հատուածին Մէջ Հայ-Ատրպէյճանական Շփման Գիծը․ ԱԱԾ

Ատրպէյճանցի Զինուորը Հատած Է Տեղ Համայնքի Սահմանային Հատուածին Մէջ Հայ-Ատրպէյճանական Շփման Գիծը․ ԱԱԾ

by MassisPost

Փետրուար 28-ին՝ ժամը 5:15-ի սահմաններուն, Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի սահմանային հատուածին մէջ հայ-ատրպէյճանական շփման գիծը հատած է ատրպէյճանցի զինուոր, որ զինուած եղած է ԱԿՄ տիպի ինքնաձիգով ու 1 պահատուփով: Վերջինս վնասազերծուած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան զինուորներուն կողմէ: Դէպքին առնչութեամբ ՀՀ Քննչական Կոմիտէին մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԱԾ-էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment