Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աթէնքը Միշտ Երեւանի Կողքին Պիտի Ըլլայ՝ Ստորագրելու Խաղաղութեան Պայմանագիր Ատրպէյճանի Հետ․ Յունաստանի Վարչապետ

Աթէնքը Միշտ Երեւանի Կողքին Պիտի Ըլլայ՝ Ստորագրելու Խաղաղութեան Պայմանագիր Ատրպէյճանի Հետ․ Յունաստանի Վարչապետ

by MassisPost

«Մենք յստակ դէմ ենք ուժի սպառնալիքի, կամ ուժի բռնի կիրառմանը», վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ասուլիս ժամանակ յայտարարեց վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը՝ շեշտելով, որ Աթէնքը վստահ է, որ տարաձայնութիւնները պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով։

«Յունաստանը դիւանագիտական տեսանկիւնէն միշտ ձեր կողքին պիտի ըլլայ՝ ձեւաւորելու եւ ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիր Ատրպէյճանի հետ, որովհետեւ, միայն կայուն խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ բանալ ճանապարհը Հարաւային Կովկասին մէջ աւելի լաւ ապագայի», ըսաւ Յունաստանի վարչապետը։

Փաշինեանը իր հերթին ընդգծեց Յունաստանի մասնակցութիւնը Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան, որ կը դիտարկէ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանը։

«Յունաստանի մասնակցութիւնը այստեղ շատ գնահատելի է եւ կարեւոր», ըսաւ Փաշինեան։

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու Պերլինի մէջ Փետրուար 28-29-ին նախատեսուած հանդիպման՝ Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ այդ հանդիպման ընթացքին հնարաւոր պիտի ըլլայ յառաջընթաց արձանագրել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment