Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ատրպէյճանը Հայաստանի Վրայ Յարձակելու Ծրագրեր Չունի». Ալիեւ

«Ատրպէյճանը Հայաստանի Վրայ Յարձակելու Ծրագրեր Չունի». Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանը Հայաստանի վրայ «յարձակելու ծրագրեր չունի», յայտարարած է այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Գերմանիոյ տնտեսութեան արեւելեան կոմիտէի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին։

«[Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ] Պորելը յայտարարած է, որ եթէ Ատրպէյճանը յարձակի Հայաստանի վրայ, ապա պիտի տեսնէ անոր դառն պտուղները: Նախ՝ ուրկէ՞ Պորելին տեղեկութիւնը, որ Ատրպէյճանը կը պատրաստուի յարձակելու Հայաստանի վրայ։ Նման ծրագրեր չունինք», «Ազերթաճ» պետական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ։

«Ասոնք պարոն [Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ] Մաքրոնի յօրինուածքներն են։ Այս ամէնը Ֆրանսայի հակաատրպէյճանական քաղաքականութեան մաս կը կազմէ՝ հիմնուած մեր երկրի այսահարման վրայ կապուած այն բանին հետ, թէ իբր Ատրպէյճանը կը պատրաստուի յարձակելու Հայաստանի վրայ», նշած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment