Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Կը Յայտարարէ՝ ՀԱՊԿ-ին Անդամակցութիւնը, Ըստ Էութեան, Սառեցուած Է

Փաշինեան Կը Յայտարարէ՝ ՀԱՊԿ-ին Անդամակցութիւնը, Ըստ Էութեան, Սառեցուած Է

by MassisPost

«France 24»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կրկին քննադատած է Ռուսաստանի առաջնորդած ռազմական դաշինքը՝ պայմանագրային պարտաւորութիւնները չկատարելու համար:

«ՀԱՊԿ-ը, մեր գնահատմամբ, չի կատարել անվտանգային ոլորտի պարտաւորութիւնները Հայաստանի նկատմամբ, մասնաւորապէս 2021, 2022 թուականներին, եւ դա չէր կարող մեզ համար անցնել առանց հետեւանքների: Այդ հետեւանքն այն է, որ մենք այսօր գործնականում, ըստ էութեան, սառեցրել ենք մեր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի կազմակերպութիւններում: Վաղը ինչ կը լինի, վաղը կ’երեւայ», նշած է Փաշինեան:

Քրեմլինէն արձագանգեցին, թէ Հայաստանը պաշտօնական ծանուցում չէ ուղարկած ՀԱՊԿ-ին՝ անդամակցութեան սառեցման վերաբերեալ: Ռուսաստանի նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով նաեւ ընդգծած է՝ կը նախատեսեն հայկական կողմի հետ շփումներուն մէջ յստակացնել ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան հետ կապուած իրավիճակը:

«Հայկական կողմը այս առնչութեամբ որեւէ պաշտօնական գործողութիւններ չէ ձեռնարկած։ Մենք կը պատրաստուինք կապ հաստատելու մեր գործընկերներուն հետ եւ պարզաբանելու այս յայտարարութիւններուն իմաստը», ըսած է Փեսքով:

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական յարձակումներու ընթացքին ՀԱՊԿ-ը հայկական կողմին ոչ միայն ռազմական օգնութիւն չտրամադրեց, այլեւ չդատապարտեց Պաքուի գործողութիւնները: Անկէ յետոյ Երեւանը, բացի ՀԱՊԿ նիստերը պոյքոթելէ, կառոյցին մէջ դեսպան չի նշանակեր, հրաժարած է գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի իր բաժինէն:

«2023 թուականի սեպտեմբերեան իրադարձութիւնների ժամանակ եւ Հոկտեմբերին Ռուսաստանի ամենաբարձրաստիճան ներկայացուցիչները ուղիղ կոչ էին անում Հայաստանի քաղաքացիներին՝ դուրս գալ փողոցներ եւ տապալել Հայաստանի ընտրուած, օրինական Կառավարութիւնը: Ռուսական հեռուստաալիքները վեց տարի շարունակ համակարգուած, հետեւողական եւ նպատակամղուած հակաքարոզչություն են անում Հայաստանի ընտրուած իշխանութեան եւ անձամբ իմ դէմ: Էլ ուրիշ ի՞նչ հետեւութիւն անելու տեղ է մնում», ընդգծած է վարչապետը «France 24»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment