Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Հայաստանը Կարիք Ունենայ, Ապա Կարճ, Միջին Եւ Այլ Հեռաւորութեամբ Հրթիռներ Եւս Պիտի Ըլլան Ձեր Տրամադրութեան Տակ․ Լըքորնիու

Եթէ Հայաստանը Կարիք Ունենայ, Ապա Կարճ, Միջին Եւ Այլ Հեռաւորութեամբ Հրթիռներ Եւս Պիտի Ըլլան Ձեր Տրամադրութեան Տակ․ Լըքորնիու

by MassisPost

Նախօրէին դուք արդէն առաջին խմբաքանակը ստացաք զինամթերքի եւ շուտով Պասթիոն զրահամեքենաներու խմբաքանակը եւս Հայաստանի մէջ պիտի ըլլայ։ Ես շատ չխորանամ, թէ ինչ սարքաւորումներ պիտի գան, բայց բոլորը պաշտպանութեան նշանակութեան սարքաւորումներ են, որովհետեւ այս տարածաշրջանին մէջ առաջնահերթ է բնկաչութեան եւ սահմաններու պաշտպանութիւնը»․ այս մասին մամուլի ասուլիսին ժամանակ  նշեց  Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիան Լըքորնիուն։

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յաւելեց, որ  ոեւէ մէկը չի կրնար քննադատել Հայաստանի բանակը իր պաշտպանութեան ունկութիւնները բարձրացնելու եւ ուժեղացնելու համար․ «հակաօդային պաշտպանութեան մասին ըսեմ, որ եթէ Հայաստանը կարիք ունենայ, ապա կարճ, միջին եւ այլ հեռաւորութեամբ հրթիռները եւս պիտի ըլլան ձեր տրամադրութեան տակ»։

Համատեղ ասուլիսին ընթացքին, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լըքորնիուն, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ ըսաւ, որ Ֆրանսայի նախագահի որոշումներն մէկն է աջակցիլ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան: «Այս պահուն առաջնահերթութիւնը սպառազինութիւն ձեռք բերելն է եւ վերապատրաստումը այդ ամէնը կիրառելու համար», ըսաւ ան եւ յաւելեց, թէ անոր համար շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրուեցան:

«Չենք կրնար ի հարկէ խօսիլ սահմաններու պաշտպանութեան մասին առանց որոշակի վերահսկողական նիւթերու: Ամէն անգամ գործնական կարիքներէն պիտի շարժինք, որ պիտի արտայայտուի մեր հայ գործընկերներուն կողմէ: Մենք պէտք է այդ համապատասխան առաջարկները ընենք ըստ այդ համապատասխան կարիքներու՝ ըլլայ այդ սպառազինութիւն, թէ վերապատրաստում պաշտպանական նպատակներով», ըսաւ նախարարը եւ ընդգծեց, որ ընկերային ցանցերուն մէջ երբեմն Ֆրանսայի դիրքորոշումը կ’աղաւաղուի:

Լըքորնիուն նաեւ տեղեկացուց, որ Պապիկեանի հետ խօսած են, մասնաւորապէս, «Միսթրալ» հրթիռներու մասին։

«Tales ռատարներու մասին է նաեւ խօսքը: GM200 ռատարներու մատակարարում շատ շուտով պիտի ըլլայ, եւ կը տեսնէք, որ ամէն անգամ կը խօսինք պաշտպանական զէնքերու մասին»,  ըսաւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment