Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսան Հայաստան Կ’առաքէ Պաշտպանական Սպառազինութեան Խմբաքանակ. Le Figaro

Ֆրանսան Հայաստան Կ’առաքէ Պաշտպանական Սպառազինութեան Խմբաքանակ. Le Figaro

Հայաստանը Կանգնած Է Անվտանգութեան Լուրջ Մարտահրաւէրներու Առջեւ, Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Կու գայ ՀՀ

by MassisPost

Ֆրանսան Փետրուար 22-ին Հայաստան կ’առաքէ պաշտպանական սպառազինութեան խմբաքանակ, յայտնած է «Le Figaro»-ն։

Սպառազինութիւնը կը ներառէ Thalès ընկերութեան Ground Master (GM 200) երեք ռատար, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան 250 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերել հակառակորդի ինքնաթիռները, ինչպէս նաեւ գիշերային տեսողութեան սարքեր, հեռադիտակներ։

Կը նշուի նաեւ, որ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ կողմերուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով կը նախատեսուի, որ Ֆրանսայի բանակը այս տարի լեռնային մարտական պատրաստութեան երեք դասընթացք պիտի կազմակերպէ հայերուն համար։

Հայաստանն ու Ֆրանսան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագրեր ստորագրած էին 2023 թուականի Հոկտեմբեր 23-ին՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի՝ Ֆրանսա կատարած այցի ընթացքին։

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լեքորնիւն RTL ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ շուտով պիտի այցելէ Հայաստան։

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպաստիան Լեքորնիուն կ’այցելէ Հայաստան։

Այս մասին նախարարը յայտնած է անձամբ RTL ռատիոկայանի եթերով։

«Շուտով Հայաստան պիտի երթամ խորհրդարանականներու եւ արդիւնաբերողներու մեծ պատուիրակութեամբ։ Ֆրանսան զինտեխնիկայ կը մատակարարէ բարեկամ Հայաստանին զուտ պաշտպանական նպատակով», ըսած է ան։

Վերջինս ընդգծած է, որ պատմութեան մէջ սա առաջին դէպքն է, երբ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը կը մեկնի Հայաստան․ «Հայաստանը կանգնած է անվտանգութեան լուրջ մարտահրաւէրներու առաջ՝ կապուած Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն հետ։ Մեր պարտականութիւնն է մեծցնել ՀՀ-ի պաշտպանական ներուժը»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment