Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ի Տէր Ննջեց Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեանը

Ի Տէր Ննջեց Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեանը

by MassisPost

Ցաւով կը հաղորդենք, որ ի Տէր ննջեաց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի վաստակաւոր հոգեւորականներէն Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեանը։ Մահը վրայ է հասած 20 Փետրուարին, 2024-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։

Այս տարի պիտի լրանար Տէր Տաթեւի հոգեւոր ծառայութեան յոբելինական 50- ամեակը, եւ տասնամեակներու արգասաբեր ծառայութեան ընթացքին Տէր Հայրը ուսանած է նախ Երուսաղէմի հայկական ճեմարանէն ներս, բարձրագոյն ուսում ստացած է Գալիֆորնիոյ Գլէրմոնթ աստուածաբանական եւ Ֆրէզնոյի պետական համալսարաններէն ներս։ Տէր Հայրը վարած է Րիտլիի եւ ապա Սան Տիէկոյի Հայց. եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։

Կից կենսագրականը կը վկայէ Տէր Հօր իրագործումներու մասին։

Արեւմտեան թեմի հոգեւորականները եւ հաւատացեալները մշտապէս կը յարգեն Տէր Տաթեւի՝ Աստուծոյ նուիրեալ ծառայի, սիրեցեալ ամուսնու, հօր, մեծհօր, եղբօր եւ ընկերոջ յիշատակը եւ եւ կ’աղօթեն անոր հոգիին համար։

Ննջեցեալ Տէր Հօր Վերջին օծման արողութիւններու ժամանակացոյցը պիտի հրապարակենք շուտով։ Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Դիւան Առաջնորդարանի
Փետրուար 21, 2024

ՀԱԿԻՐՃ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԺ. Տ. ՏԱԹԵՒ Աւ. ՔՀՆՅ. ԹԱԹՈՒԼԵԱՆԻ
Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեան, աւազանի անունով Միսաք Գալուստ Թաթուլեան, ծնած է Հոկտեմբեր 10-ին, 1939, Րուհանիէ՝ Սուրիա։ Իր ծնողները՝ Յովսէփ եւ Ակիւլինէ, երկուքն ալ Հաճընցի եւ ուսուցիչներ էին։ Երբ Միսաք մի քանի տարեկան երեխայ մըն էր, ընտանեօք փոխադրուեցան Պէյրութ, Լիբանան, ուր ան մեծցաւ եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ հայկական վարժարաններուն մէջ։

1964-ին Միսաք ժամանեց Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Փասատինայի շրջանին մէջ։ Երկու տարի ետք, Արեւմտեան թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան զինք կիսասարկաւագ ձեռնադրեց։ 1966-ին Միսաք փոխադրուեցաւ Շիքակօ, ուր շարունակեց աշխատիլ որպէս լուսանկարիչ եւ շուտով բացաւ իր անձնական լուսանկարչատունը եւ հոն ապրեցաւ չորս տարի։

1968-ին Իլլընոյզի Ս. Յակոբ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուեցաւ կիսասարկաւագ, ուր ծառայեց նաեւ որպէս Ծխական խորուհրդի անդամ՝ գործունեայ կեանք մը ունենալով հայրենակցական եւ մշակութային կազմակերպութիւններէն ներս։ 1968-ին ան հանդիպեցաւ Պէյրութէն եկած օրիորդ Արաքսի Գոփուշեանին եւ ամուսնացաւ անոր հետ։ Անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Ասպետ, Արփի եւ Լոռի։ 1970-ին Միսաք եւ իր ընտանիքը փոխադրուեցաւ Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը։

1973-ին Արեւմտեան թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի կողմէ Միսաք Սարկաւագ ղրկուեցաւ Երուսաղէմ, Ս. Յակոբեանց Վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանի Ընծայարանի մէջ իր աստուածաբանական ուսումը զարգացնելու համար։ Տարի մը ետք վերադարձաւ Գալիֆորնիա եւ Գլէրմօնթ աստուածաբանական ճեմարանէն ներս ստացաւ իր բարձրագոյն ուսումը։

1974-ի Հոկտեմբերի 27-ին Րիտլիի (Ֆրեզնոյի շրջան) ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուեցաւ Արեւմտեան թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի կողմէ եւ վերակոչուեցաւ Տէր Տաթեւ Քահանայ։ Հովուական իր ծառայութեանց կողքին, Տէր Հայրը յաճախեց Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանը եւ 1985-ին ստացաւ իր Պսակաւոր արուեստից տիտղոսը՝ պատմութեան մէջ։

Տէր Հայրը հովուական այս պաշտօնը վարեց մինչեւ Յունիս 3, 1990։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ Յունիս 4-ին, 1990, Հոգեւոր հովիւը նշանակուեցաւ Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ, ուր ծառայեց ամենայն ձեռնհասութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ։

Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեան եղած է Թեմական խորհուրդի անդամ եւ իրեն յանձնուած պարտականութիւնները կատարած է լաւագոյն կերպով։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment