Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Պողպատեայ Յետնասիւներու Ստորագրութեան Ձեռնարկը

Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Պողպատեայ Յետնասիւներու Ստորագրութեան Ձեռնարկը

by MassisPost

Այս օրերուն Կլենտէյլ քաղաքի կեդրոնին մէջ, սկսած է հասակ առնել Հայ Ամերիկեան Թանգարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի շինարարութեան գործընթացը: Արդարեւ, սոյն պատուաբեր եւ եզակի կառոյցը` նախաձեռնութիւնն է Հաւարային Գալիֆորնիոյ Հայկական 10 գլխաւոր կազմակերպութիւններուն« որոնք այս շինութեան գաղափարը յղացած էին 9 տարիներ առաջ« մեծ Եղեռնի հարիւր ամեակի օրերուն:

Թանգարանի հիմնարկէքէն անցած է աւելի քան մէկ տարի եւ արդէն առաջին փուլն աւարտած (գետնայարկի կառատունը) ըլլալով այժմ սկսած է երկրոդ փուլը (երկյարկանի շնարարութիւն, իր բոլոր մանրամասնութիւններով):

Շինարարութեան երկրոդ փուլի որպէս մեկնակէտ` կազմակերպուած էր բացօթեայ համագառղութային հաւաք մը Երեքշաբթի, Փետրուար 13-ին, 2024, որուն ներկայ էին Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Խնամակալ Մարմնի Տնօրէն Խորհուրդի անդամներ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Տէն Պրօթմըն եւ այլ պաշտօնական հիւրեր եւ բարերարներ:

Հայ Ամերիկեան թանգարանի շինութեան երկրորդ փուլի պողպատեայ յենասիւներով կառուցման առթիւ օրուան հադիսավար Արսինէ Թորոսեանի հրաւէրով սրտի խօսքերով հանդէս եկան Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ` Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մութաֆեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Տնօրէն` Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Կիլիկիոյ Թեմէն` Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան եւ Լոս Անճելոսի Քաղաքապետութենէն` Փոլ Գիրգորեան: Բոլորն ալ իրենց ուրախութիւնն ու վառ գոհունակութիւնը յայտնեցին ի տես այս կոթողային մեծ գործին, որ պիտի դառնայ մեր ինքնութեան արտայայտիչը, ուր ապագայ սերունդներ մօտէն պիտի ծանօթանան մեր նախնիքներէն փոխանցուած մեր պատմութեան հարուստ ժառագութեանց:

Կլենտէյլի քաղաքապետ Տէն Պրօթմըն, իր ելոյթին մէջ արժեւորելով Հայ-Ամերիեան  Թանգարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի համար եղած այս նախաձեռնութիւնը ըսաւ թէ ասիկա ոչ միայն Կլենտէյլի այլեւ բովանդակ երկրի պարծանքը պիտի հանդիսանայ:  Ցարդ ունինք երկու համալիր մեծ կառոյցներ (Կալերիան եւ Ամերիգանան), շուտով մեր  քաղաքը պիտի օժտուի նաեւ երրորդ պանծալի կառոյցով մը« որ մօտ ապագային  այս թանգարանն է:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Խնամակալ Մարմնի  գործադիր նախագահ Պերճ Կարապետեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հիւրերուն եւ յատկապէս այս ազգապարծան հոյակերտ կառոյցի իրականացման սատարող բարերարներուն, ինչպէս նաեւ ազգային եւ պետական հաստատութիւններուն:

Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան պողպատեայ յետնասիւնին վրայ մակագրելու, որպէս պատմական յիշատակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment