Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Հետ Միջազգային Սահմանին Կայունութեան Նպաստելու Հարցին Մէջ ԵՄ Առաքելութիւնը Կարեւոր Ներդրում Ունի. Միրզոյեան

Ատրպէյճանի Հետ Միջազգային Սահմանին Կայունութեան Նպաստելու Հարցին Մէջ ԵՄ Առաքելութիւնը Կարեւոր Ներդրում Ունի. Միրզոյեան

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵՄ արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար Սթեֆանօ Թոմաթը:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի մէջ ԵՄ մշտադիտարկման քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան առնչուող հարցեր՝ անդրադառնալով երկարաժամկէտ առաքելութեան տեղակայումէն ի վեր մէկ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է Ատրպէյճանի հետ միջազգային սահմանին կայունութեան նպաստելու հարցին մէջ առաքելութեան կարեւոր ներդրումը։

Ընդգծուած է, որ առաքելութիւնը ՀՀ-ԵՄ ընդլայնուող փոխգործակցութեան լաւ օրինակներէն մէկն է եւ ցոյց կու տայ անոր հետագայ խորացման հարցին մէջ թէ՛ ՀՀ, թէ՛ ԵՄ ու իր անդամ պետութիւններուն փոխադարձ անկեղծ հետաքրքրութիւնը:

Այս ծիրին մէջ Արարատ Միրզոյեան եւ Սթեֆանօ Թոմաթ միտքեր փոխանակած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան լայն օրակարգի հարցերու շուրջ, քննարկուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւններով եւ մեխանիզմներու միջոցով ընձեռուող հնարաւորութիւնները։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment