Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նոր Նշանակումներ՝ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբին Մէջ

Նոր Նշանակումներ՝ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբին Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը՝ հիմք ընդունելով վարչապետին առաջարկութիւնը, հրամանագրեր ստորագրած է Զինուած ուժերու ղեկավար կազմին մէջ նոր նշանակումներու մասին։

Նախագահի պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած հրամանագրերուն համաձայն՝ Կարոն Գրիգորեանը նշանակուած է Զինուած Ուժերու ԳՇ պետի տեղակալ, Թեմուր Շահնազարեանը՝ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի գլխաւոր վարչութեան պետ-զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ, Վիգէն Մկրտչեանը՝ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի կապի զօրքերու պետ-կապի եւ կառավարման համակարգերու վարչութեան պետ, Դաւիթ Ալեքսանեանը՝ Զինուած ուժերու ԳՇ մարտական պատրաստութեան վարչութեան պետ, Արմէն Սէյրանեանը՝ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի ռազմավարական ծրագրաւորման վարչութեան պետ, Համլէտ Լեւոնեանը՝ Խաղաղապահ ուժերու պրիկատի հրամանատար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment