Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զախարովա․ «Մոսկուա Եւ Պաքու Կը Քննարկեն Ղարաբաղի Հայերու Վերադարձին Հարցը»

Զախարովա․ «Մոսկուա Եւ Պաքու Կը Քննարկեն Ղարաբաղի Հայերու Վերադարձին Հարցը»

by MassisPost

«Մոսկուան եւ Պաքուն կը քննարկեն հայ բնակչութեան՝ Ղարաբաղ վերադարձի հեռանկարները», ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան։

Անոր խօսքով` հայերու հնարաւոր վերադարձը պէտք է իրականացուի՝ «անոնց իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պատշաճ ապահովմամբ»։

Այլ թեմաներու շարքին Պաքուն եւ Մոսկուան, ըստ Զախարովայի, կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համատեղ պարեկային ծառայութեան կազմակերպումն ու պատմական ու-կրօնական յուշարձաններու պահպանութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment