Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ըստ Ատրպէյճանական Լրատուամիջոցներու՝ Դատարկուած Ստեփանակերտի մէջ Իբրեւ Թէ Քուէարկութեան Մասնակցած Է 6000 Հոգի

Ըստ Ատրպէյճանական Լրատուամիջոցներու՝ Դատարկուած Ստեփանակերտի մէջ Իբրեւ Թէ Քուէարկութեան Մասնակցած Է 6000 Հոգի

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած են արտահերթ նախագահական ընտրութիւններ, եւ ըստ անոնց պաշտօնական տեղեկութիւններուն՝ Ալիեւի օգտին քուէարկած է բնակիչներուն 92,5 տոկոսը, իսկ ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ Ստեփանակերտի մէջ քուէարկութեան մասնակցած է 6000 հոգի։

Պաքուի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ԵԱՀԿ-ի դիտորդները յայտարարած են, որ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները զուրկ էին քաղաքական մրցակցութենէ եւ անցած են լուրջ ընտրական թերութիւններով եւ լրատուամիջոցներուն համար սահմանափակումներով։ Առաքելութեան ներկայացուցիչներուն գնահատմամբ, քուէարկութիւնը կայացած է սահմանափակող միջավայրի մէջ, էական թերութիւններով։

Այս առնչութեամբ Civic.am-ի հետ զրոյցին յայտնելով իր տեսակէտը՝ թրքագէտ Նելլի Մինասեան ըսաւ, որ առանձնապէս մեկնաբանութեան բան չկայ, քանի որ այդ մենատիրական վարչակարգերուն յատուկ պարզ գործընթաց էր։ Այնուամենայնիւ, ուշագրաւ է պնդումը, թէ դատարկուած Ստեփանակերտի մէջ քուէարկութեան մասնակցած է 6000 հոգի։

«Այդ տարածքները բռնագրաւուած են եւ գտնւում են նրանց վերահսկողութեան ներքոյ. եթէ իրենք ասեն, որ Ստեփանակերտում ոչ թէ 6000, այլ 10.000 հոգի է քուէարկել, ո՞վ կարող է դա ապացուցել, իրականում ոչ մէկը, որովհետեւ իրականում դրանք նկարուած թիւեր են։ Նախ, Ստեփանակերտում, բացի նախագահական ընտանիքից, էլ ուրիշ ընտրող չի եղել։ Ալիեւն ինչ թիւ ուզենար՝ նկարելու էր, եւ իրականութեան մէջ մենատիրական վարչակարգերի հետ կապուած միշտ էլ նման արդիւնքներ են լինում», ըսաւ Նելլի Մինասեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment