Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Մոսկուա Կ’ողջունէ Ալիեւի Վերընտրուիլը, Կը Քննադատէ Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Բացասական Գնահատականները

Մոսկուա Կ’ողջունէ Ալիեւի Վերընտրուիլը, Կը Քննադատէ Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Բացասական Գնահատականները

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն առիթով, քննադատած է այդ ընտրական գործընթացներուն վերաբերեալ բացասական գնահատականները:

Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը մէջբերած է ռուսաստանցի դիտորդներուն մեկնաբանութիւնները՝ «քուէարկութիւնը անցած է մրցակցային պայմաններու մէջ, այլընտրանքային հիմունքներով եւ բարենպաստ մթնոլորտի մէջ»։ «Այս առումով ծայրաստիճան կողմնակալ էին Արեւմուտքի երկիրներու եւ անոնց կողմէ վերահսկուող միջազգային կառոյցներուն գնահատականները, որոնք, ինչպէս տեսանք, ի սկզբանէ չափազանց կողմնակալ էին Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն նկատմամբ եւ կը կիրառէին ընտրական գործընթացը վարկաբեկելու նախապէս հաստատուած մեթոտներ», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Ողջունելով Իլհամ Ալիեւի՝ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնին հինգերորդ անգամ ընտրուիլը, Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը յայտարարած է՝ «ռուսական կողմը հաւատարիմ է Ատրպէյճանի հետ դաշնակցային եւ ռազմավարական գործընկերութեան հետագայ ամրապնդման, միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ աշխոյժ համատեղ աշխատանքին, ներառեալ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ բարձր մակարդակով եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ համալիրի իրագործման ուղղութեամբ»։

Աղբիւրը` «Ազատութիւն» ռատիոկայան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment