Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Կրկնակի Քուէարկութիւններ, Լցոնումներ, Ատրպէյճանի Մէջ Ընտրութիւնները Անցած Են Լրջագոյն Խախտումներով․ ԵԱՀԿ Դիտորդներ

Կրկնակի Քուէարկութիւններ, Լցոնումներ, Ատրպէյճանի Մէջ Ընտրութիւնները Անցած Են Լրջագոյն Խախտումներով․ ԵԱՀԿ Դիտորդներ

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ Փետրուար 7-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընդառաջ բազմակարծութիւն չկար, քննադատական ձայները անընդհատ կը ճնշուէին։

Այս մասին ըսուած է ընտրութիւններու վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի համատեղ դիտորդական առաքելութեան նախնական եզրակացութեան մէջ։

Առաքելութիւնը նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի նախորդ առաջարկութիւնները՝ Ատրպէյճանի ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, չեն ընդունուած։

«Արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները անցան սահմանափակող միջավայրին մէջ, եւ թէեւ անոնք լաւ նախապատրաստուած էին, սակայն քննադատական ձայներն ու քաղաքական այլընտրանքները հիմնականին մէջ կը բացակայէին։ Ցաւօք, նախորդ առաջարկութիւնները՝ օրէնսդրական դաշտը ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջազգային չափանիշերուն համապատասխանեցնելու վերաբերեալ, մնացին անտեսուած», ըսած է ԵԱՀԿ կարճաժամկէտ դիտորդներու ղեկավար Արթուր Կերասիմովը:

Անոր խօսքով, նախընտրական քարոզարշաւը հանրային նշանակալի մասնակցութիւն չէ ունեցած եւ մրցակցային չէ եղած, քանի որ վեց թեկնածուներն ալ  չեն կրցած մարտահրաւէր նետել գործող նախագահի քաղաքականութեան: Ասոր հետեւանքով ընտրողները իրական այլընտրանք չեն ունեցած:

ԵԱՀԿ ԽՎ պատուիրակութեան ղեկավար Տանիելա Տէ Ռիտըրը իր հերթին նշած է թեկնածուներու շարքին եւ ընդհանրապէս Ատրպէյճանի քաղաքական կեանքին մէջ կանանց բացակայութիւնը:

«Ընտրութիւններուն օրը դիտորդները նկատած են զգալի թերութիւններ՝ քուէարկութեան գաղտնիութեան հարցով, բազմակի քուէարկութեան փաստեր, քուէաթերթիկներու զանգուածային լցոնումներ եւ այլն: Սա լուրջ հարցադրումներ կ’առաջացնէ այն մասին, թէ արդեօ՞ք քուէաթերթիկները ազնիւ հաշւուած են», ըսած է ան։

«Լրատուամիջոցներու նկատմամբ կիրառուած խիստ սահմանափակող օրէնքները, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր լրագրողներու վերջին ձերբակալութիւնները խոչընդոտած են լրատուամիջոցներու ազատ գործունէութեան եւ յանգեցուցած են համատարած ինքնագրաքննութեան՝ սահմանափակելով անկախ լրագրութեան եւ քննադատական բանավէճի շրջանակը», նշած է Ռիտըր:

«Թէեւ ընտրութիւններու նախապատրաստումը արդիւնաւէտ եւ արհեստավարժ էր, ներառեալ տեղամասային յանձնաժողովներու անդամներու վերապատրաստումը, կարեւոր երաշխիքները յաճախ կ’անտեսուէին ընտրութիւններուն օրը, եւ մենք նկատեցինք զգալի ընթացակարգային սխալներ ամբողջ օրուայ ընթացքին», ընդգծած է ԺՀՄԻԳ-ի առաքելութեան ղեկավար Էոկան Մերֆին:

Ասուլիսի ընթացքին Համատեղ առաքելութեան ներկայացուցիչները բարձրաձայնած են, որ ընտրական յանձնաժողովներու կազմը քաղաքականապէս հաւասարակշռուած չէ եղած, տեղի ունեցած են զանգուածային լրատուամիջոցներու, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան իրաւունքներու եւ ազատութեան խախտումներ։

«Սա չի համապատասխաներ ժողովրդավարական ընտրութիւններու չափանիշերուն», ըսած են անոնք:

Իլհամ Ալիեւ յաղթած է Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն՝ ստանալով քուէներու աւելի քան 92 տոկոսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment