Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան «Մեր Անկախութեան Հռչակագրի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Պէտք է Կարգաւորենք»

Նիկոլ Փաշինեան «Մեր Անկախութեան Հռչակագրի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Պէտք է Կարգաւորենք»

by MassisPost

Մեր Անկախութեան հռչակագրին մէջ երեք ուղերձ կը նշենք՝ պատմական արդարութիւնը, հայ ժողովուրդին իղձերը եւ ԼՂ Ազգային Խորհուրդի եւ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի ԼՂ-ի եւ Հայաստանի վերամիաւորման որոշումը:

Այս մասին Հանրային ռատիոյի «Անվտանգային միջավայր» հաղորդմանը տուած հարցազրոյցին ընթազքին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց. «Մենք այսօր Հռչակագրի հետ մեր յարաբերութիւնները իրօք պէտք է կարգաւորենք: Հարց՝ մեր պետական քաղաքականութիւնը արդեօ՞ք պէտք է այդ ուղերձով առաջնորդուի, եւ արդեօ՞ք մեր պետական քաղաքականությունները պէտք է յղուեն ԼՂ Ազգային խորհրդի եւ Հայաստանի Գերագոյն խորհրդի Ղեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վերամիաւորման որոշման վրայ: Սա քաղաքական ընտրութեան հարց է, եթէ այո՛՝ նշանակում է, որ մենք խաղաղութիւն երբեք չենք ունենայ: Աւելին, սա նշանակում է, որ մենք հիմա կ’ունենանք պատերազմ»:

Վարչապետին խօսքով՝ եթէ մենք բանակը կը հզօրացնենք եւ կ’երթանք ու կ’իրագործենք հռչակագրին դրոյթները, այդ կը նշանակէ, որ մեր հարեւանները դաշինք պիտի ձեւաւորեն մեզ ոչնչացնելու համար. «որովհետեւ մենք հռչակած ենք, որ իրենց հետ առնուազն մենք թեմա ունինք»:

«Իմ ասածը, այս խօսոյթի զարգացումը Հայաստանն ուժեղացնելո՞ւ է, թէ՞ թուլացնելու է. միանշանակ ուժեղացնելու է: Եթէ այս խօսոյթը ընտրենք որպէս երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն, մենք զէնք ձեռք բերելիս էլ խնդիր չենք ունենայ», ընդգծեց վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment