Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կարէն Վանեցեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Իրականացնելու Նպատակով Զայն Յանձնելու Միջնորդութիւն Ուղարկուած Է ՌԴ

Կարէն Վանեցեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Իրականացնելու Նպատակով Զայն Յանձնելու Միջնորդութիւն Ուղարկուած Է ՌԴ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Դատախազութիւնը ՀՀ իրաւասու մարմիններուն կողմէ հետախուզուող Կարէն Վանեցեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելու նպատակով յանձնման մասին միջնորդութիւն ուղարկած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Գլխաւոր Դատախազութիւն:

Տեղեկութիւնը «Հայկական Ժամանակ»-ի հետ զրոյցին  յայտնած են ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութենէն:

Յունուար 29-ին տեղեկացուած էր, որ Մոսկուայի մէջ ձերբակալուած է Հայաստանի մէջ հետախուզման մէջ գտնուող՝ նաւթարդիւնահանող ռուսական խոշորագոյն ընկերութեան սեփականատէր Կարէն Վանեցեանը, որուն ընկերութիւնը յայտնի է «Իտէալ» եւ «Օլենիա» ապրանքանիշերով։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանի դատախազութիւնը քրէական հետապնդում յարուցած է Զուիցերիոյ Համադաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Կարէն Վանեցեանի նկատմամբ՝ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքը օրինականացնելու համար (փողերու լուացում):

Նշենք, որ Կարէն Վանեցեանը ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին պետ Արթուր Վանեցեանի եղբայրն է: Ձերբակալութեան լուրէն քիչ յետոյ Կարէն Վանեցեանի փաստաբանական խումբը յայտարարութիւն տարածած էր՝ յայտնելով, որ Վանեցեանը ազատութեան մէջ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment