Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վահան Քերոբեանը՝ Փտածութեան Մեղադրանքներուն Մասին. Կը Ստանձնեմ Պատասխանատուութիւնը

Վահան Քերոբեանը՝ Փտածութեան Մեղադրանքներուն Մասին. Կը Ստանձնեմ Պատասխանատուութիւնը

by MassisPost

Ես հարիւր տոկոսով չեմ կրնար խօսիլ ոեւէ անձի մասին, բացի ինձմէ, բայց այս պահուն եղած մեղադրանքը եւ իմ գիտելիքներս թոյլ կու տան ըսել, որ մեր գործողութիւններուն մէջ որեւէ անօրինականութիւն չկայ: Այս մասին  Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը՝ մեկնաբանելով աղմկայարոյց ձերբակալութիւնները եւ փոխնախարարի պաշտօնէն ազատուած ու փտածութեան չարաշահումներու մեղադրանքներու կիզակէտին յայտնուած Անի Իսպիրեանը:

Նախարարին խօսքով` այս ամէնը կ’ազդէ նախարարութեան աշխատանքին վրայ, բայց ինք ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի իր աշխատակիցներուն մօտ վերադառնա այն վստահութիւնը, որ իրենց ազնիւ աշխատանքը երբեւիցէ չպատժուի. «Նիկոլ Փաշինեանը մեզ մի քանի անգամ ասել է, որ փտածութեան երեւոյթները, որոնք կան գերատեսչութիւններում, ի վերջոյ  գերատեսչութեան ղեկավարի պատասխանատուութիւնն է, եւ ես դրա վերաբերեալ բնականաբար իմ կարծիքը եւ որոշումը կ’ասեմ վարչապետին, կը ստանձնեմ դրա պատասխանատուութիւնը», նշած է Քերոբեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment