Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանը Չի Խանգարեր ԱՄՆ-ի Ջանքերը՝ Ուղղուած Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման. Պետական Քարտուղարութիւն

Ռուսաստանը Չի Խանգարեր ԱՄՆ-ի Ջանքերը՝ Ուղղուած Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման. Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

Ռուսաստանը որեւէ կերպ չի խանգարեր ԱՄՆ-ի դիւանագիտական ջանքերը՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլըր՝ պատասխանելով համապատասխան հարցումին:

«Ռուսաստանը որեւէ կերպ չի խանգարեր մեզի կարեւոր դիւանագիտական ջանքեր գործադրելու, որոնք, մեր կարծիքով, անհրաժեշտ են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար: Մենք պիտի շարունակենք զանոնք», աւելացուցած է դիւանագէտը:

Ինչ կը վերաբերի երկու պետութիւններու Արտաքին գործերու նախարարութիւններու ղեկավարներուն՝ աւելի վաղ յայտարարուած Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք հանդիպման ժամկէտերուն, ապա, Միլլըրի խօսքով, երբ որոշուի բանակցութիւններուն օրը, անոր պիտի հետեւի պաշտօնական հաղորդագրութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment